«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Վարչապետի պատշօնակատար Սաատ Հարիրի Հինգշաբթի իր նստավայրին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ՝ քննարկելու երկրին մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը: Այս մասին կը հաղորդեն Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աունի եւ ռազմական տեղեկութեանց գործակալութեան պետ Անթուան Մանսուրի հետ Հարիրի քննարկեց շարք մը խնդիրներ, որոնք հիմնականօրէն կ’առնչուէին ռազմական հաստատութիւններու հետ:
Վարչապետի պաշտօնակատարը ընդունեց նաեւ ներքին ապահովական ուժերու պետ Իմատ Օթմանը, որ Հարիրիին համառօտ ներկայացուց ՆԱՈՒ-ի կողմէ իրականացուող գործողութիւնները, որոնց նպատակն է անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնել երկրի տարածքին:
Հարիրի նաեւ հանդիպեցաւ պետական անվտագնութեան պետ, հրամանատար Թոնի Սալիպայի հետ՝ խօսելու Լիբանանի մէջ ապահովական իրավիճակին մասին: