Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Թղթածրարի մը հետքերով

«Մեր տունը ծախու չէ՛»

ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՝ ՀԱԶՄԻԷԻ  ՎԻԵՆՆԱԿԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ 

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ 

Հեղինակին մասին

Յօդուածագիրը ծնած է Լիբանան եւ աշակերտած է Հազմիէի Մխիթարեան Երկրորդական վարժարանին 1956-1963 տարիներուն, մինչեւ աւարտական դասարան։  Համալսարանական կրթութենէ եւ իրբեւ տնտեսագէտ վկայուելէ ետք մաս կազմած է նոյն հաստատութեան ուսուցչական կազմին (1969-1974), որմէ ետք արտասահման մեկնելով զանազան պատասխանատու պաշտօններ վարած է իբրեւ հաստատութիւններու անձնակազմի  տնօրէն՝ Արաբական ծոցի երկիրներէն մինչեւ Յունաստան։ Ապա, պաշտօնի կոչուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ հաստատուած եւ գործող Միջազգային դրամատան  (The World Bank Group)  մէջ 1981-էն 2005 տարիներուն, իբրեւ ընկերային, կրթական եւ առողջապահական ծրագիրներու ֆինանսաւորման տնտեսագէտֆինանսագէտ։ Այժմ՝ թոշակառու, կ՚ապրի Հիւսթըն, Թեքսաս նահանգին մէջ «Ամերիկեան պատմագիտութեան Մագիստրոսի» վկայականին արժանանալէ ետք։

Ստորեւ, Լիբանանի Մխիթարեան վարժարանին նուիրուած Յովսէփ Մելքոնեանի մտորումները կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ, յաջորդական երեք թիւերով։

 

 

            «ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Լիբանանեան արաբատառ «Ան-Նահար» օրաթերթը լրագրող Փիէր Աթալլայի ստորագրութեամբ առաջիններէն եղաւ 15 Յունուար 2015 թուականին  ցնցիչ լուր մը հաղորդելու հանրութեան։ Արդարեւ, այդ օրուայ թերթին մէջ լոյս տեսած տեղեկատուութեան մը համաձայն Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանն ու անոր կից գործող վանատունը իրենց 10,000 քառակուսի մեթր հողատարածքով վաճառքի պիտի հանուէին, հարցադրումի եւ մտահոգութեան  ալիք մը ստեղծելով Լիբանանէն ներս  թէ՛ աշխարհական եւ թէ՛ կրօնական շրջանակներուն մօտ։ «Այս վաճառքը Վատիկանի մէկ ծիրանաւորի (Կարդինալ) նախաձեռնութեամբ եւ որոշումով կը հակասէ Տիեզերական Եկեղեցիի` Միջին Արեւելքի մէջ հետեւած քաղաքականութեան» կը շեշտէր յօդուածին խորագիրը։ Լրագրողը իր խոր մտահոգութիւնը կ՚արտայայտէր այս առնուած քայլի եւ որոշումին նկատմամբ եւ զգուշութեան կոչ մը կ՚ուղղէր պատասխանատուներուն։

             Այս լուրը յաջորդող օրերուն լայն տարածում կը գտնէր նաեւ այլ հանրային հաղորդակցական միջոցներու եւ աղբիւրներու ձայնասփռած կամ հեռասփռած արձագանգներով։

            Ո՛չ ոք սակայն այդքան մեծ ցնցում, վիշտ եւ ընդվզում զգաց ու ապրեցաւ որքան աշխարհասփիւռ Մխիթարեան ընտանիքին պատկանող անցեալի եւ ներկայի սաները, դպրոցի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք չէին կրնար հաւատալ, եւ ըմբռնել, թէ ինչպէս այսպիսի որոշում մը յանկարծակի եւ անսպասելի կերպով երեւան կու գար Լիբանանի հաղորդակցական միջոցներու ոլորտին  մէջ, առանց որ խնդրոյ առարկայ հաստատութիւնը,եւ կամ անոր շուրջ հաւաքուած ընտանիքները եւ մարմինները նախապէս տեղեակ կամ վերահասու ըլլային այդ զարգացումէն։ Արդարեւ, ո՛չ ոք այսպիսի հաւանականութեան մը պատրաստ էր։ Ո՛չ ոք կ՚ակնկալէր, որ 80-ամեայ կրթական հաստատութիւն մը, որ մեծ դեր ունեցած էր անցեալին լիբանանահայ կրթական եւ հասարակական կեանքէն ներս իր վաստակով եւ գործունէութեամբ, եւ տակաւին կը գործէր իբրեւ հայ կրթական վառ օճախ մը, մէկ օրէն միւսը վաճառքի առարկայ կրնար ըլլալ ու այսպէսով չքանալ ազգային հրապարակէն՝ առեւտրական եւ շահադիտական նպատակներու զոհը դառնալով։

            Լիբանանեան մամուլի այս մտահոգիչ արձագանգներէն ետք, եւ անոնց յաջորդող ամիսներուն, շրջան ըրին խառնաշփոթ եւ հակասական բնոյթ ունեցող տարակարծութիւններ եւ տեղեկատուութիւններ՝ վարժարանի հողատարածքի վաճառքի, ինչպէս նաեւ անոր գոյութեան եւ ապագային հետ առնչուած։ Դժբախտաբար այս շրջանին Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանը ո՛չ մէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը լոյս կ՚ընծայէր անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ հաղորդելու հայ հանրութեան։ Միաժամանակ երեւան կ՚ելլէր թէ Վատիկանի եւ Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենային հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ ոչ-հայ կողմերու միջեւ, կալուածային այս գործառնութիւնը ապահովելու ի նպաստ՝ Լիբանանի եւ Անտիոքի Կաթողիկէ ասորի համայնքի Պատրիարքութեան։

            Այս կացութեան մէջ հարց կը ծագէր անշուշտ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ասորի կաթողիկէ համայնքը յանկարծ շահագրգիռ կողմ մը կը դառնար այս կալուածային գործառնութեան մէջ եւ ինչո՞ւ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ Ծիրանաւոր (Կարդինալ) Լէօնարտօ Սանտրի այնքան աշխոյժ եւ գործնական դերակատարութիւն մը կը ցուցաբերէր տակաւին գործող հայ վարժարանի մը կալուածային ինչքերը ասորի կաթողիկէ Պատրիարքարանին փոխանցելու գործընթացին մէջ։

            Ի մի հաւաքելով անցնող չորս-հինգ տարիներուն այս հարցին շուրջ հրապարակուած եւ լիբանանեան մամուլին մէջ լոյս տեսած տեղեկատուութիւնները, Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանի ստորագրութեան տակ յաճախ անըմբռնելի ուշացումով լոյս ընծայուած զանազան պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, նախկին Մխիթարեան սաներու եւ համակիրներու նախաձեռնութեամբ Հռոմի Քահանայապետին եւ  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ  Ծիրանաւոր Լէօնարտօ Սանտրիի յղուած նամակներու, բողոքներու եւ խնդրագիրներու օրինակները, ինչպէս նաեւ Դիմատետրի մէջ լոյս տեսած զանազան արտայայտութիւններու բովանդակութիւնը, պիտի փորձեմ դէպքերու ժամանակագրական զարգացումի հիման վրայ հայ հանրութիւնը տեղեակ պահելու Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի վաճառքի ոդիսականին, անոր ծալքերուն, եւ անոնց տուն տուող պատճառներու մասին, որպէսզի այս վաճառքին հետ կապուած որոշումին հետեւանքները դնենք լիբանանահայ հասարակութեան դատողութեան եւ գիտութեան առջեւ։ Եթէ օտարներ այդքան հետաքրքրուեցան այս հարցով, բնական է որ լիբանանահայութիւնը իր կարգին առնուազն տեղեակ ըլլայ հայ վարժարանի մը գոյութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող ծրագիրներու կամ զարգացումներու բնոյթին եւ տարողութեան։

            Ընթերցողը անշուշտ կրնայ շփոթութեան մատնուիլ այս գրութեան մէջ յաճախ կրկնուող Վիեննական Մխիթարեան եւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութիւն եզրերու գործածութենէն, որովհետեւ ան կրնայ այնպէս հետեւցնել թէ երկու տարբեր էութիւններու կամ կազմակերպութիւններու մասին է որ կը խօսուի։ Արդարեւ, մինչեւ Յուլիս 2000 թուականը գոյութիւն ունէին երկու անջատ Մխիթարեան Միաբանութիւններ, որոնք կը գործէին Վենետիկի եւ Վիեննայի իրենց կենդրոններուն մէջ անկախաբար իրարմէ, ներքին  տարակարծութիւններու պատճառով երկփեղկուելէ ետք 1773 թուականին։ Ուրեմն, 227 տարի իբրեւ անջատ էութիւններ գործելէ ետք, երկու միաբանութիւնները Սբ.Ղազարի վանքին մէջ 10-էն մինչեւ 21 Յուլիս 2000 թուականին գումարուած արտակարգ ժողովի մը ընթացքին կ՚որոշէին կրկին միանալ դառնալով մէկ միաբանութիւն։ Այս միութեան պատճառով Մխիթարեան միացեալ միաբանութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին կը դառնար Վենետիկի Սբ. Ղազար Մայրավանքը, իսկ Վիեննայի վանքը առաջին գլխաւոր մենաստանը։ Հետեւաբար, այդ թուականէն ի վեր օրինական գետնի վրայ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան Դիւանի հաղորդագրութիւնները միացեալ միաբանութեան հաղորդագրութիւններն են, իսկ որոշումները միացեալ միաբանութեան որոշումները։

            Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի հողատարածքի վաճառման շուրջ ստեղծուած տագնապի պատմութիւնը եւ զարգացումները կարելի է երկու գլխաւոր հանգրուաններու բաժնել։ Առաջին հանգրուանը կը հայի Հազմիէի Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի հողատարածքի վաճառման հարցով օտար դերակատարներու միջամտութեան եւ գործօն մասնակցութեան եւ անկէ բխող բարդութիւններուն։ Երկրորդ հանգրուանը կը հայի 1 Յունիս 2016 թուականին Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան մօտ Պապական Պատուիրակի մը նշանակումին եւ այդ թուականէն ետք արձանագրուած զարգացումներուն։

 

(Շար. 1)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին