Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ԱԺ-ը Առաջին Ընթերցմամբ Ընդունեց Ընտրախախտումներու Պատիժները Խստացնելու Փաթեթը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցած օրէնսդրական նախագիծերու փաթեթը: «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ Սեպտեմբեր 6-ին մեկնարկած ԱԺ արտահերթ նստաշրջանը գումարուած է ՀՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ:

Արտահերթ նստաշրջանի օրակարգին ներկայացուած էր «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին», «Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու մասին», «Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» օրէնսդրական նախագիծերու փաթեթը, որ կ’ենթադրէ ընտրական խախտումներու հետ կապուած պատիժներու խստացում:

ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը ԱԺ-ին կ’առաջարկէ վարչական իրաւախախտում համարել նախընտրական քարոզչութեան ժամանակ թեկնածուներու, կուսակցութիւններու եւ կուսակցութիւններու դաշինքներուն կողմէ բարեգործութեան անուան տակ ընտրողներուն անհատոյց կամ արտօնեալ պայմաններով դրամ, սննդամթերք, արժեթուղթեր, ապրանքներ տալը, խոստանալը կամ ծառայութիւններ մատուցելը։ Վարչական պատասխանատուութիւն կը սահմանուի նաեւ բարեգործութեան հետ միաժամանակ նախընտրական քարոզչութիւն իրականացնելու համար: Առաջարկուող փոփոխութիւններով քրէական պատասխանատուութեան կ’ենթարկուին ոչ միայն կաշառք բաժնողները, այլեւ ստացողները։

Կը նախատեսուի նաեւ քրէական պատասխանատուութիւն սահմանել ներկայիս յանցագործութիւն չհամարուող շարք մը արարքներու՝ ընտրողի կողմէ կաշառքի առաջարկին համաձայնելու, կաշառքի խոստումը ընդունելու, կաշառք խնդրելու, սեփական քուէարկութեան գաղտնիութիւնը դիտաւորութեամբ խախտելու համար:

Օրէնսդրական նախագիծերու փաթեթի ընդունումէն ետք փոփոխութիւնները կը գործարկուին Սեպտեմբեր 23-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին