Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Ընդդիմադիր REAl Կուսակցութիւնը Խորհրադարանական Արտահերթ Ընտրութիւններ Կը Պահանջէ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ազրպէյճանի մէջ գործող ընդդիմադիր REAl (Հանրապետական այլընտրանք) կուսակցութեան նախագահ Իլգար Մամետովը, որ բանտէն ազատ արձակուած է նախորդ ամիս, կը պահանջէ Ազրպէյճանի մէջ իրականացնել խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութիւնը:

Մամետովը արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու անհրաժեշտութիւնը հիմնաւորած է անով, որ Ազրպէյճանի այժմու խորհրդարանը չ’արտացոլեր եւ չի ներկայացներ ժողովուրդի շահերը, եւ որ 2018-ի Ապրիլին տեղի ունեցած նախագահական արտահերթ ընտրութիւնները եղած են բեմադրութիւն:

«Ապրիլին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն վերաբերեալ միջազգային դիտորդներու գնահատականները եղած են աւելի կտրուկ եւ բացասական, քան միւս ընտրութիւններուն ժամանակ»,- ֆէյսպուքեան գրառումին մէջ նշած է Մամետովը:

 Ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդը նշած է, որ Իլհամ Ալիեւը երկրին մէջ տիրող իրավիճակը աւելի չլարելու համար պէտք է համաձայնութիւն տայ խորհրդարանէն ներս արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար:

 «Եթէ Ալիեւը քաղաքական հասարակական սկզբունքը կը համարէ պետութեան ղեկավարման միջոց եւ չի ցանկար, որ երկրին մէջ տիրող քաղաքական-հասարակական իրավիճակը աւելի լարուի, պէտք է համաձայնութիւն տայ խորհրդարանին մէջ արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար, սակայն պէտք է այնպէս կատարուի, որ խորհրդարանէն ներս սակաւապետութեան մը պատկանող գրպանային պատգամաւորները չփոխարինուին մէկ այլ սակաւապետութեան պատկանող գրպանային պատգամաւորներով»,- ըսած է Մամետովը:

Իլգար Մամետովը 2013-ին ազատազրկուած էր 7 տարի ժամկէտով եւ կը մեղադրուէր զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններ հրահրելու յատկանիշներով:

Մամետովը պայմանականօրէն ազատ արձակուած է 2018-ի Օգոստոս 13-ին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին