«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ամալ շարժումի երեսփոխան Միշէլ Մուսա Չորեքշաբթի վեր հանեց Լիբանանի մէջ կանեփի օրինական ոլորտի կառավարման անհրաժեշտութիւնը ոչ թէ մասնաւոր ընկերութիւններու, այլ պետական ձեռնարկութիւններու կողմէ, որպէսզի առաւելագոյն վերահսկողութիւն ըլլայ տուեալ բնագաւառին մէջ:
Մուսա տեղական մամուլին հարցազրոյց մը տալով ըսաւ, թէ պետութեան համար այն հսկայական եկամուտը, որ կու գայ կառավարութեան կողմէ գործարկուող ծխատոտի արտադրութենէն, յստակօրէն կ’ուրուագծէ կանեփի շուկայի բացարձակ յաջողութեան հեռանկարը, ինչ որ պէտք է կառավարուի Regie Libanaise des Tabacs et Tombacs-ի նման ընկերութիւններու կողմէ:






