Երեքշաբթի, 16. 09. 2025

spot_img

Սուրիացի Հարիւրաւոր Գաղթականներ Երէկ Վերադարձան Սուրիա

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Երեքշաբթի առաւօտ սուրիացի հարիւրաւոր ընտանիքներ վերադարձան Սուրիա: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Ընդհանուր անվտանգութեան կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան հետ համագործակցաբար կազմակերպուած տունդարձը, որ փաստօրէն վերջինն էր երէկուանը, իրականացուեցաւ Լիբանանի հիւսիսային քաղաքներէն՝ Թրիփոլիէն:
Գաղթականները ուղղուեցան Մասնաա եւ Ապպուտիէ սահմանային անցակէտերը: Անոնք, ըստ ազգային լրատուական գործակալութեան, Լիբանանէն մեկնեցան յետմիջօրէի ժամ 5-ին:
Հաղորդումին մէջ կ’ըսուի, որ մօտաւորապէս 200 գաղթականներ, ինչպէս նախատեսուած էր, Մասնաայի միջոցով Թրիփոլիէն վերադարձան Սուրիա, ուր կառավարութիւնը հանրակառքեր տրամադրեց՝ ուղեկեալները զանազան գիւղեր փոխադրելու համար:       

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին