«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաասը Սեպտեմբեր 5-6 կ’այցելէ Թուրքիա: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Այցի ընթացքին ան կը հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ խորհրդարանի խօսնակ Պինալի Եըլտըրըմի հետ: Պիտի քննարկուին թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն, Եւրամիութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան առնչուող հարցեր:






