«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը Սեպտեմբեր 8-ին պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ: Կողմերը բարձր մակարդակի հայ-ռուսական բանակցութիւններ կ’ունենան: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, տեղեկութիւնը «Известия»-ին հաստատած է ՌԴ նախագահի մամուլի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:
Սա կ’ըլլայ Փաշինեանի երրորդ այցը Ռուսիա. աւելի կանուխ, ան Փութինի հետ հանդիպած էր Մայիս 14-ին Սոչիի մէջ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովին, ապա Յունիս 13-ին՝ Մոսկուայի մէջ՝ ֆութպոլի Աշխարհի առաջնութեան բացման արարողութեան ծիրէն ներս: