Երեքշաբթի, 18. 02. 2025

spot_img

Հրապարակուած Է «Եւրասիական Շաբաթ» Միջազգային Համաժողովի Նախնական Ծրագիրը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Եւրասիական շաբաթ» III Միջազգային ցուցահանդէսային համաժողովի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած է նախնական գործարար ծրագիրը: Անիկա կ’ընդգրկէ երեք օր եւ կը ներառէ 30 միջոցածումներ երեք հիմնական ուղղութիւններով՝ ռազմավարական, ոլորտային եւ առեւտրական: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2018 թուականի Հոկտեմբեր 22-24 Երեւանի մէջ, Հայաստան, եւ մէկ հարթակի վրայ պիտի համախմբէ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ – պետութիւններու եւ Միութեան գործընկեր-երկիրներու կառավարութիւններու փոխնախագահներն ու նախարարները, պետական միաւորումներու եւ առեւտրական առաջատար ղեկավարները:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, «Եւրասիական շաբաթ» III Միջազգային համաժողովի առաջին օրը, Հոկտեմբեր 22-ին, պիտի սկսի «ԵԱՏՄ տնտեսութեան իրական հատուածը. ներուժի զարգացումը միաւորման պայմաններու մէջ» նիստէն, որ նուիրուած է Միութեան զարգացման շուկայի մասնակիցներու արդիւնաբերական համագործակցութեան հաշուոյն: 

Առաջին օրուան այլ կեդրոնական միջոցառումները պիտի ըլլան «ԵԱՏՄ-ի զարգացման ժամանակակից յարացոյցը» շնորհահանդէսը, «Եւրասիա եւ Իրան. Համագործակցութենէն մինչեւ ռազմավարական գործընկերութիւն» բանավէճը, «Ասթանա» միջազգային ֆինանսական կեդրոն – նոր հնարաւորութիւններ եւրասիական առեւտուրի համար» նստաշրջանը, ինչպէս նաեւ «Եւրասիական թուային հարթակներ» նորարարական նախագիծերու մրցոյթի աւարտը: Միաժամանակ տեղի պիտի ունենան շարք մը միջոցառումներ, որոնք նուիրուած պիտի ըլլան հարկային քաղաքականութեան խնդիրներուն, արտաքին տնտեսական գործարքներու կարգաւորման, թեթեւ արդիւնաբերութեան արտահանման հնարաւորութիւններուն, եւրասիական միաւորման զարգացման հեռանկարներուն:

Հոկտեմբեր 23-ին ծրագիրը պիտի սկսի «ԵԱՏՄ երկիրներու արհեստագիտական յառաջընթացը եւ հնարաւորութիւնները» նիստէն, որ նուիրուած է ԵԱՏՄ ծիրէն ներս նորարարութիւններու ներդրման վերաբերեալ համակարգուած քաղաքականութեան մշակման եւ արհեստագիտական փոխանակման: Տուեալ միջոցառումին տրամաբանական շարունակութիւնը կ’ըլլան ԵԱՏՄ-ի խոշոր, միջին եւ փոքր առեւտուրի նստաշրջանները, որոնք թոյլ կու տան գործարար կապեր հաստատել Միութեան պատուիրատուներու եւ մատակարարներու միջեւ: 

Երկրորդ օրուան առանցքային միջոցառումներ են. «Եւրասիական մայրցամաքային գործընկերութիւնը. ընդլայնելով տարածքը ԵԱՏՄ առեւտուրի համար» ռազմավարական նստաշրջանը, «Մրցակցութեան արդիական հարցերը ԵԱՏՄ տարածքին» եւ «Ոսկերչական արդիւնաբերութեան վերբեռնում. արհեստանոցներէն մինչեւ ապրանքանիշերը» բանավէճերը, ինչպէս նաեւ «ԵԱՏՄ քաղաքային միջավայրը – զարգացման տարածք է» քաղաքներու գագաթաժողովը: Քննարկումները կը ներառեն նաեւ գիւղատնտեսութեան, ԵԱՏՄ թուային օրակարգի, փոխադրամիջոցներու եւ արդիւնաբերութեան զարգացման թեման, ինչպէս նաեւ այլ թեմաներ: 

Երրորդ օրը՝ Հոկտեմբեր 24-ը, կը ներառէ շարք մը միջոցառումներ, որոնք նուիրուած են ԵԱՏՄ-ի ներքին շուկայի գործունէութեան խնդիրներուն, դեղային միջոցներու եւ բժշկական արտադրանքի միասնական շուկայի ստեղծման, արհեստագիտական եւ Միութեան ծիրէն ներս արդիւնաբերական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ, ԵԱՏՄ-ի ապագային, երիտասարդ սերունդի տեսանկիւնէն: Վերջին օրուան կեդրոնական միջոցառումը կը դառնայ «Եւրասիական համագործակցութիւն 2.0. Առանց արգելապատման համագործակցութեան ճանապարհին» գործարար խորհուրդի նիստը: 

«Համաժողովի յագեցուած ծրագիրը այնպէս կառուցուած է, որ գործարարներուն հնարաւորութիւն տրուի հասցնել իշխանութեան մարմիններու ներկայացուցիչներուն իրենց տեսակէտը առկայ դժվարութիւններու մասին, տալ հարցեր եւ ստանալ արդիական տեղեկութիւն այն հեռանկարներուն մասին, որոնք ԵԱՏՄ կը բանայ իրենց համար: Կարելի է անձամբ շփուիլ կարգաւորիչներու հետ, ինչպէս նաեւ հաստատել գործընկերային նոր յարաբերութիւնները»,- յայտարարած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի առեւտուրի մարմինի անդամը (նախարարը)՝ Վերոնիքա Նիքիշինան: 

Մասնակցութիւնը «Եւրասիական շաբաթ» համաժողովին անվճար է: Գրանցումը կը կատարուի www.eurasianweek.com պաշտօնական կայքին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին