Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Խնդիր Կայ Այստեղ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անցնող օրերուն սոյն յօդուածը տեղ գտած էր լիբանանահայ մամուլի էջերուն վրայ: Մեր կարգին մենք ալ կը տեսնենք ու կը հաւատանք, որ «խնդիր կայ այստեղ» ու անցնելով աւելի անդին, մենք կը հաւատանք, որ խնդիրը լիբանանահայ վարժարաններու պատասխանատուութիւնը ստանձնած պատկան մարմիններու կարգ մը անդամներուն մօտն է, որոնք ըստ մեզի, իրենք են խնդիրը…:

Հետեւաբար եւ բաժնելով միեւնոյն մտահոգութիւնները եւ 100 տոկոս համաձայն ըլլալով հեղինակին արտայայտած միտքերուն, վերամուտի նախօրէին զայն կը բաժնենք նաեւ մեր ընթերցողներուն հետ առ ի խորհրդածութիւն եւ ըստ այնմ լուրջ քայլերու ձեռնարկումի ազնիւ կոչ:

«Խմբ.»


2018-2019 կրթական տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք մտահոգ վիճակի մէջ:

Լիբանանահայ կրթական համակարգը դժուար վերամուտի սեմին է:

2018-2019 տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները տնտեսական, կրթական, թիւի եւ կրթական մշակի լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուին:

Ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելումի օրէնքը եւ անոր ընկերակցող կրթաթոշակներու բարձրացումը բնականաբար դէպի օտար` ձրիավարժ վարժարաններու հոսք մը ստեղծած է:

Երկարաժամկէտ ծրագիրով պետութիւնը յստակօրէն իր պետական ձրիավարժ վարժարաններուն թափ տալու եւ անձնական, համայնքային համեստ եւ միջակ դասակարգի վարժարաններուն դէմ ակնյայտ պայքար կը մղէ:

Հայկական վարժարաններէն դէպի օտար վարժարաններու հոսքը կը շարունակուի, միաժամանակ հայկական վարժարանները այս երեւոյթին ի տես եւ նորարարութեան հետ քայլ պահելու անհաւասար ճիգով վարժարանները միացնելու ընթացքի մէջ են: Անցնող տարուան աւարտին դարձեալ աւելի քան 50 ուսուցիչներ գործէ արձակուեցան խտացումի, միացումի պատճառով: Յիշենք, որ անցեալ տարեշրջանին նոյնքան թիւով ուսուցիչներ գործէ արձակուած էին:

Յարանուանական վարժարաններէն չորսէն երկուքը տնօրէն չունին եւ տնօրէն խորհուրդով կը գործեն: Այլ յարանուանութեան պատկանող  վարժարաններէն չորսին մէջ ալ թիւի զգալի անկում կայ, եւ ներքին մրցակցութեան պատճառով վարժարանները դժբախտաբար թուային առումով տժգոյն վերամուտի մը կը սպասեն:

Երրորդ յարանուանութեան պարագային`  վարժարաններու պատասխանատուները դարձեալ վերանորոգման որոշում ունին: 2019-2020 տարեշրջանին ալ վարժարանի մը երկրորդականը փակելու որոշում տուած են: Միւս կողմէ` միութենական երկու վարժարաններ տարուէ տարի թիւի նահանջ կ՛արձանագրեն: Նորակառոյց մանկամսուրներու ակնկալած թիւը դժբախտաբար առաջին տարին պիտի չհասնի իր նպատակին:

Այս պայմաններով կը դիմաւորենք 2018-2019 կրթական տարեշրջանը: Գաղութի մը զօրութեան ցուցանիշը իր կրթական օճախներն են: Այսօր լիբանանահայ վարժարանները տնօրէնի թեկնածու չեն գտներ: Հայրենաւանդ նիւթերու ուսուցիչներ չեն պատրաստեր:

Չենք գիտեր` ո՛ւր կ՛երթանք:

Չենք զգար, որ տագնապող կայ:

Չենք տեսներ, որ հարցերը ըստ էութեան ընկալող կայ:

Լիբանանի նման գաղութ մը փաստօրէն վերամուտը կը դիմաւորէ այս դժուարութիւններով: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի այս մէկը: Ընդհանրապէս ազգային հաստատութիւններու հանդէպ նոր սերունդին անվստահութի՞ւնն է:

Կարծէք ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ մը, որ նոր, թարմ, խոստմնալից եւ ատակ ու պատրաստուած ուժեր չուզեն ծառայել մեր մօտ:

Լիբանանը, այս բոլորէն ետք, դարձեալ կը հաստատեմ, բնական ներուժ ունի, որ բնականաբար մեր սերունդները հայօրէն մեծնան, մտածեն եւ զգան: Կը մնայ ճիշդ մարդիկը ճիշդ տեղը դնել:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին