Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վաւերացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Ընտրութիւնը

Շաբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտուն, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետները՝ Գառնիկ Մկրտիչեանն ու Կարօ Սալխանեան։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի թեմի նորընտիր առաջնորդ Գերշ. տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ նախկին առաջնորդ Գերշ. տ. Շահէ եպս. Փանոսեան։ Անոնք վեհափառ հայրապետին ներկայացուցին 31 Օգոստոս 2018-ի երեսփոխանական ժողովի ընթացքին տեղի ունեցած նոր առաջնորդի ընտրութեան արդիւնքը՝ յանձին Նարեկ սրբազանին։

 

Հայրապետը, առաջին հերթին, իր գնահատանքը յայտնեց Շահէ սրբազանին, որ անցնող հինգ տարիներու ընթացքին նուիրումով ծառայեց, եւ ողջունելով Նարեկ սրբազանի ընտրութիւնը՝ յոյս յայտնենց, որ ան եւս պիտի շարունակէ նուիրումով ու յանձնառութեամբ կատարել իր առաջնորդական ծառայութիւնը Լիբանանի հայութեան։ Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական վաւերացումը գրաւոր կերպով փոխանցեց երկու ատենապետներուն եւ իր օրհնութիւնը տուաւ նորընտիր առաջնորդին։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին