Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Մոսկուայի Համար Կարեւոր Է Լսել, Թէ Հայաստանի Ղեկավարը Ի՛նչպէս Կը Գնահատէ Իր Երկրին Մէջ Իրադրութեան Զարգացման Հեռանկարները. Լաւրով

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը անդրադարձած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ մօտ ժամանակներս ծրագրուող հանդիպումին, կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը՝ յղում ընելով «ՌԻԱ նովոսթի»-ին:

«Մօտ ժամանակներս կը ծրագրուի նախագահ Փութինի եւ վարչապետ Փաշինեանի միջեւ մէկ հանդիպում մը եւս: Կը կարծեմ՝ մեզի համար կարեւոր կ’ըլլայ լսել, թէ Հայաստանի նոր ղեկավարը ինքը ինչպէս կը գնահատէ իր երկրին մէջ իրադրութեան զարգացման հեռանկարները: Ի հարկէ, մենք բնաւ անտարբեր չենք, թէ այս իրավիճակին մէջ ի՛նչ տեսք ունին Հայաստանի պարտաւորութիւնները ՀԱՊԿ-ի հանդէպ: Ի դէպ, այդ պարտաւորութիւնները կը գործեն, անոնք անհրաժեշտ է կատարել ամբողջութեամբ, այդ կարգին՝ անոնք որոնք կը վերաբերին մեր ընդհանուր կազմակերպութեան վարկի ու հեղինակութեան  ամրապնդման»,- ըսած է նախարարը՝ ելոյթ ունենալով Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի առաջին տարուան ուսանողներուն առջեւ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին