Ուրբաթ, 20. 03. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Փոխ-Նախագահը

Այս առաւօտ՝ Կիրակի, 2 Սերտեմբեր 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Վեհափառ Հայրապետը, Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի փոխ-նախագահ՝Վահրամ Բալայեանի։ Անոր կ՚ընկերանար Լիբանանի Հայ Դատի յանձնախումբը։

 

Անոնք նախ մասնակցեցան Վանքի մատրան մէջ մատուցուող Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ ապա հանդիպում ունեցան Նորին Սրբութեան հետ։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ հոն իրագործուող ծրագիրներուն։ Ներկաները նաեւ ունկնդրեցին Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 27-րդ ամեակին առիթով Վեհափառ Հայրապետին ուղղած պատգամը։

 

Յայտնենք, որ օր մը առաջ, Հայրապետին այցելած էր Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի անդամներէն Դաւիթ Իշխանեանը եւ Անոր յանձնած էր յուշանուէր մը՝ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ՝ Տիար Բակօ Սահակեանին կողմէ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին