Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Բակօ Սահակեանն Ու Արմէն Սարգսեանը Մասնակցած Են Արցախի Անկախութեան Հռչակման 27-րդ Տարեդարձին Նուիրուած Միջոցառումներուն

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը Սեպտեմբեր 2-ին մասնակցած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական միջոցառումներուն:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ նախագահ Սահակեանը ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ միասին այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղկեպսակ եւ ծաղիկներ դրած է Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներուն, Ազգային ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:

Միջոցառումներուն մասնակցած են նաեւ ԱՀ երկրորդ նախագահ Արքատի Ղուկասեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը, ԱՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ներկայացուցիչներ Սփիւռքէն եւ հիւրեր արտերկրէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին