Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Մեղադրէ ԱՄՆ-ը ՄԱԿ-ի Օգնութեան Եւ Աշխատանքներու Գործակալութեան Տրամադրուող Ֆինանսաւորումը Դադրեցնելու Որոշումին Կապակցութեամբ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Լիբանանեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Կիրակի բացայայտօրէն մեղադրեց ԱՄՆ-ը ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան ուղղուած ֆինանսաւորումը խափանելու հետ կապուած որոշումին առթիւ՝ նախազգուշացնելով պաղեստինցիներու տունդարձի իրաւունքը հերքելու որեւէ փորձէ:
«ՄԱԿ-ի Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի գաղթականներու օգնութեան եւ աշխատանքներու գործակալութեան օժանդակելը պարտականութիւնն է այն պետութիւններուն, որոնք համաձայնեցան հիմնել Իսրայէլի պետութիւնը պաղեստինեան հողատարածքին վրայ»,- ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նախազգուշացուց նաեւ այս որոշումի ետին կանգնած մտադրութիւններէն, որ կը կայանայ յաջորդական իրադարձութիւններու լոյսին ներքոյ:
Ասիկա կը վերաբերի ԱՄՆ-ի դեսպանատան տեղափոխումը Երուսաղէմ եւ վերջինիս՝ որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաքի հռչակումը:
 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին