Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Ընդհանուր Անվտանգութիւնը Առանձնապէս Պատասխանատու Է Գաղթականներու Տունդարձին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ուրբաթ Լիբանանի Ընդհանուր անվտանգութեան ուժերը յայտարարեց, որ Սուրիա վերադառնալ ցանկացող սուրիացի գաղթականները ուղղակի կապ կրնան հաստատել գործակալութեան հետ, որովհետեւ անիկա միակ մարմինն է, որ յանձնառու է տունդարձի կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Ըստ Ընդհանուր անվտանգութեան յայտարարութեան՝ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններն ու ընկերութիւնները կապ կը հաստատեն սուրիացի գաղթականներու հետ տունդարձի կազմակերպման ու կարգաւորման համար: Ընդհանուր անվտանգութիւնը վերոյիշեալ կազմակերպութիւններուն համագործակցութեան առաջարկ ներկայացուց, այդ կարգին՝ ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան հետ գաղթականներու առնչուող հարցերու գծով:
Յայտնենք, որ Ընդհանուր անվտանգութիւնը կը կազմակերպէ գաղթականներու կամաւոր վերադարձը Սուրիա Լիբանանի մէջ ստեղծուած յատուկ կեդրոններու միջոցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին