2018 թուականի Օգոստոս 25-ին վերաօծուեցաւ Ախալքալաքէն 12 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բալխօ գիւղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին: Եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան գիւղի բնակիչներէն բացի՝ մասնկացած են նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսիայէն ժամանած հիւրեր:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի՝ 19-րդ դարու կառոյց եկեղեցին խորհրդային տարիներուն կորսնցնելով իր գործառոյթները, վերածուած էր կոլտնտեսութեան պահեստի, իսկ յետխորհրդային շրջանին մատնուած անուշադրութեան: Աղօթազուրկ եւ անխնամ մնացած եկեղեցին վերանորոգուեցած է գիւղի զաւակ, ռուսաստանաբնակ Մեսրոպ Մովսիսեանի բարերարութեամբ` համագիւղացիներուն ընձեռելով Աստուծմով ապրելու, աղօթքով գործելու հնարաւորութիւն:
Եկեղեցին վերաօծուեցաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի ձեռամբ եւ տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, տէր Թադէոս քահանայ Տէր-Մկրտչեանի ու տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի մասնակցութեամբ: Դռնբացէքի արարողութենէն ետք Սրբասուրբ միւռոնով օծուեցան Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանը, Մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները:
Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեանը եւ Սամուէլ Մանուկեանը, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեանը, Ախալքալաքի շրջանային ժողովի պատգամաւորներ, հասարակական, պետական գործիչներ, հաւատացեալներ:
Վերակառուցուած եւ վերաօծուած եկեղեցւոյ անդրանիկ սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց Արակովայի «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ ու յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ տէր Թադեւոս քահանայ Տէր-Մկրտչեանը: Սուրբ պատարագը վերջ գտաւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդի Պահպանիչ աղօթքով:
Այնուհետեւ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ վերաօծման առիթով յարակից տարածքին կայացաւ տօնահանդէս, որուն կը մասնակցէին Վիրահայոց թեմի Արակովայի «Խրիմեան հայրիկ» կեդրոնի սաները, տօնահանդէսը իրենց կատարումներով գեղեցկացուցին նաեւ յարակից գիւղերէ եկած անհատ կատարողներ:
Տօնական օրը գիւղին մէջ բարերարի ընտանիքին կողմէ մասուցուեցաւ մատաղ եւ գիւղի հանդիսութիւններու սրահին մէջ տեղացիներու համար կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն:
Յիշեցնենք, որ դեռ 2004 թուականին, եկեղեցւոյ առաջին մասնակի վերանորոգումէն ետք փոխառաջնորդ, Տէր Բաբգէն աբեղայ Սալբիեանի կողմէ կատարուած էր եկեղեցւոյ օրհնութեան կարգ եւ տաճարը դարձած էր Վիրահայոց Թեմի գործող եկեղեցիներէն մէկը:
Բալխօ գիւղը 160 ընտանիք կ’ապրի:






