Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Դաւիթ Տօնոյեան Նոր Կործանիչ-Ռմբակոծիչ Օդանաւ Ունենալու Անհրաժեշտութիւն Կը Տեսնէ

«Շանթ-2018» ռազմավարական հրամանատարաշտաբային զօրավարժութեան իբրեւ պատրաստութիւն՝ պաշտպանութեան նախարարութեան (ՊՆ) վարչական համալիրին մէջ ընթացող «հաւաք-պարապմունքներ»ու ծիրին մէջ,   Օգոստոս 28-ին դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը։

Նախարարը պաշտօնատար անձերուն ներկայացուց իր տեսլականը պաշտպանութեան ոլորտի գործունէութեան զարգացման առաջնահերթութիւններուն եւ անոնցմէ բխող գերակայ խնդիրներու վերաբերեալ:

Անդրադառնալով զինուած ուժերու զարգացման նախադրեալներուն՝ Տօնոյեան ընդգծեց անընդհատ սորվելու, բարեփոխուելու եւ բանակը աւելի տարաշարժուն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Հորիզոնական հաղորդակցութիւնը, առանց բիւրոկրատական քաշքշուկներու, պէտք է դառնայ օրէնք, ոչ թէ բացառութիւն: Պիտի վերացնենք փոխգործակցութիւնը արգելակող կամ լրջօրէն բարդացնող արհեստական արգելքները՝ բացառելով այն աշխատաոճը, երբ առանձին օղակներ յառաջ կը տանին իրենց օրակարգերը՝ չիմանալով ատոնց միաւորող ընդհանուր մտայղացումը»,- նշեց պաշտպանութեան նախարարը:

Չափազանց կարեւոր համարելով բանակի սպառազինման, կառավարման համակարգի արդիականացման եւ անձնակազմի մարտունակութեան ամրապնդման միտուած քայլերը՝ նախարար Տօնոյեան վստահեցուց, որ այս պահուն ընթացքի մէջ են սպառազինութեան ծրագիրներու թարմացման աշխատանքները, որոնց շրջագիծին մէջ կը ծրագրուի ձեռք բերել նաեւ ռազմական ինքնաթիռներ:

«Մինչեւ այժմ հայկական զինուած ուժերը ունեցած են յստակ արտայայտուած ցամաքային ուժի կերպար, օդային գերակայութեան համար պայքարին ապաւինելով միայն ՀՕՊ եւ ցամաքային հրթիռային միջոցներուն: Ժամանակները, սակայն, փոխուած են: Զինուած ուժերուն հաղորդուելիք տարաշարժուն կերպարը կը պահանջէ նաեւ կործանիչ-ռմբակոծիչ օդուժի առկայութիւն, քանի որ ոչ մէկ հրթիռային համակարգ չի փոխարիներ այս կարողութեան օգտագործման ճկունութեան եւ դիմակայունութեան առումով»,- շեշտեց Դաւիթ Տօնոյեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին