Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Քաղաքական վերլուծում. ԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ. ՍԹԻՖԸՆ ՔՈԹԿԻՆ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Աշխարհաքաղաքականութիւնը վերադարձած չէ. արդէն երբեք գացած չէր։ Պատմութեան կամարը կը հակի դէպի պատրանք։ Ամէն տիրակալ կը խորհի, թէ ինք վերջինն է։ Ամէն տարիքի կը խորհինք, թէ պիտի տեւենք ընդմիշտ։ Իրականութեան մէջ, անշուշտ, պետութիւնները կը բարձրանան, անկում կ՚՚արձանագրեն, ու մինչ այդ կը մրցակցին։ Այդ մրցակցութեան ընթացքը կ՚՚որոշէ աշխարհի ճակատագիրը։

Ներկայիս, եւ ինչպէս միշտ, ուժի բարձր քաղաքականութիւնը պիտի մղէ դէպքերը, ու միջազգային մրցակցութեան արդիւնքը պիտի որոշուի դերակատարներուն յարաբերական կարողութիւններով – անոնց նիւթական ու մարդկային դրամագլուխով, անոնց ինքնավարութեան կարողութիւններով, ինչպէս նաեւ՝ ազդեցիկ արտաքին յարաբերութիւններով։ Այլ խօսքով, յառաջիկայ դարուն ճակատագիրը  մեծ մասամբ պիտի որոշուի Չինաստանի ու Մ. Նահանգներու ուժաղբիւրներու կառավարումի փոխյարաբերութեանց ընթացքին։

Ազատ փոխանակութեան (free trade) սկզբունքին հիման վրայ, ինչպէս որ Միացեալ Թագաւորութիւնը (Անգլիա) թոյլատրեց, որպէսզի իր մրցակիցը՝ Կայսերական Գերմանիան զօրանայ, Մ. Նահանգները նոյն ձեւը որդեգրեց Չինաստանի հանդէպ։ Ազատամիտ տիրակալին համար վտանգաւոր չէր որ մենատիրական մրցակիցները յառաջադիմեն, այն պատճառաբանութեամբ, որ ժողովուրդները վերջաւորութեան ստիպուած պիտի ըլլային ընտրութիւն մը կատարելու. մնալ մենատէր ու լճանալ, կամ՝ ազատականացնել, որպէսզի շարունակուի ուռճացումը։ Որեւէ պարագայի, տիրակալին համար ենթադրաբար լաւ պիտի ըլլար։ Սակայն առաջին փորձը լաւ չվերջացաւ, եւ հարցական կը թուի ըլլալ այս անգամ եւս։

Չինաստան, մօտ ատենէն, տարողութեամբ Մ. Նահանգներէն աւելի ընդարձակ տնտեսութիւն մը պիտի ունենայ։ Անիկա տակաւին ժողովրդավար չէ դարձած, եւ ոչ ալ պիտի դառնայ մօտ ատենէն, որովհետեւ կոմունիզմին վարչական դրութիւնը չի թոյլատրեր յաջող ժողովրդավարութիւն մը։ Սակայն մենատիրութիւնը Չինաստանի համար չնշանակեց լճացում, որովհետեւ չինական հաստատութիւնները յաջողեցան միաձուլել արժանաւորութիւնը ապականութեան (corruption) հետ, ատակութիւնը՝ անձեռնհասութեան հետ, ու ձեւով մը պահեցին երկրին բարգաւաճումը։ Սակայն շուտով կրնայ դանդաղիլ, ու նոյնիսկ ներքնապէս պայթիլ՝ բազմաթիւ հակասութիւններու հետեւանքով։ Վերլուծողներ երկար ատենէ իվեր նախատեսած են նման անկում մը, ու սակայն հետեւողականօրէն սխալած են մինչեւ այսօր։

Մինչ Չինաստան կը թիավարէ յիշեալ բացասական նախատեսութեանց դէմ, Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպական առաջնակարգ երկիրներ կը տուայտէին ներքին դժուարութիւններով, խնդրոյ առարկայ դարձնելով ապագայի նախատեսուած նուաճումները։ Անոնց ղեկավարները յաջողութեամբ վարած են համաշխարհայնացումը։ Սակայն անոնք անտեսեցին տնտեսական եւ ընկերային ժխտական հեւեանքները իրենց քաղաքացիներուն վրայ։ Ատիկա տեղի տուած էր մեծահարուստներու կողմէ անգութ շահագործումին։

Աշխարհայնացումի նախնական առաջին հանգրուանը վերջ գտաւ «Տնտեսական մեծ անկումով» (The Great Depression, 1929-39)։ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական տագնապը վերապրեցաւ ձեռք առնուած միջոցառումներով, յատկապէս վարկեր յատկացնելով դրամատուներուն, բայց ոչ՝ քաղաքացիներուն, յառաջացնելով ներքին հակասութիւններ, որոնք ստեղծեցին ժողովրդային ընդվզումի շարժումներ։

Մեր օրերու մրցանք-պայքարը Չինաստանի ու Մ. Նահանգներու միջեւ հին պատմութեան մը մէկ նոր երեւոյթը կը ներկայացնէ։ Մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը Չինաստան աշխարհի զօրաւորագոյն պետութիւնն էր, ունենալով ամէնէն ծաւալուն տնտեսութիւնը, շուրջ 40 առ հարիւրը համաշխարհային համախառն արտադրութեանց։ Ապա ունեցաւ ընդհանուր, երկար անկում մը, տկարանալով թէ՛ ներքնապէս եւ թէ ՛ արտաքնապէս։

Նոյն ժամանակամիջոցին, Մ. Նահանգներ բարգաւաճում արձանագրեց դէպի աշխարհի տիրակալութեան, որ չէր իրականանար առանց Չինաստանի տկարութեան, քանի Ասիոյ վրայ տիրապետութիւնը բանալին եղած է այդ բարձրագոյն դիրքաւորման։ Սակայն Չինաստանի վերականգնումն ալ չէր կրնար գոյանալ առանց Ամերիկայի բերած ապահովութեան ու բաց շուկայի տնտեսութեան։

Հետեւաբար, երկու երկիրներն ալ տիրապետած են աշխարհին։ Իւրաքանչիւրն ունի իր զօրութիւնը ու տկարութիւնները։ Եւ առաջին անգամ ըլլալով, զիրար կը դիմագրաւեն իբրեւ հաւասար գործողներ (peer)։ Տակաւին շատ կանուխ է գուշակելու, թէ խաղը ինչպէ՞ս պիտի վերջանայ։

 

Գիտցիր թէ ինչի՞ կը միտիս

Վաղուան աշխարհը հասկնալու համար, յետադարձ ակնարկ մը նետենք երէկուան ժամանակին վրայ։ Եօթանասունականներուն, Մ. Նահանգներ եւ անոր դաշնակիցները հարստացած էին, սակայն, անկարգ ու լճացած վիճակի մէջ։ Խորհրդային Միութիւնը իրականացուցած էր զինուորական ուժի հաւասարութիւն (parity), շարունակելով աւելի զինուիլ։ Չինաստանը ներքնապէս ու տնտեսապէս պառակտուած էր, Հնդկաստանը աւելի աղքատացած՝ քան Չինաստանը։ Պրազիլը կը ղեկավարուէր զինուորական խորհուրդով, ու տնտեսապէս՝ հազիւ աւելի լաւ քան Հնդկաստանը։ Իսկ Հարաւային Ափրիկէն՝ երկփեղկուած էր ցեղապաշտութեամբ։ Քսաներորդ դար չթեւակոխած, տասնամեակ մը առաջ Խորհրդային Միութիւնը փլած էր, ընդգրկելով դրամատիրական հասարակարգը։

Չինաստանը մնալով կոմունիստ, այնուհետեւ որդեգրած էր շուկայական՝ քան թէ փլանաւորուած տնտեսութիւնը, դառնալով աշխարհի երկրորդը։ Պրազիլը դարձաւ ժողովրդավար իշխանութիւն, տնտեսապէս դառնալով աշխարհի 8-րդ երկիրը։ Հարաւային Ափրիկէն նոյնպէս դարձաւ բազմացեղ ժողովրդավար երկիր։

Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, Մ. Նահանգներ եւ անոր եւրոպական դաշնակիցները ստեղծեցին ազատ շուկայական աշխարհ մը՝ դէպի համաշխարհայնացում (globalization) ընթացող։

Նման ընթացք մը, աւելի արդիւնաբեր դառնալով հանդերձ, կը ստեղծէ տեղական, ներքին անհաւասարութիւն, ինչպէս նաեւ՝ քաղաքական մատնութեան (political betrayal) զգացում՝ տնտեսապէս հարուստ երկիրներու մէջ, որովհետեւ մեծահարուստ դասակարգը շահագործեց եկամուտները առանց նուզեցնելու ծախսերը, ժողովուրդին մէջ հերձուածներ յառաջացնելով։

Շատեր իրենք զիրենք համոզեցին, որ համաշխարհայնացումը հիմնականօրէն տնտեսութեան ու նոյնութեան մասին էր, եւ այդպէս պիտի ընթանար անողոքելիօրէն։ Շատ քիչեր, ինչպէս՝ քաղաքագէտ Սամուէլ Հանթինկթըն մատնանշեց, թէ ամբողջացնումը (integration) պիտի շեշտաւորէր բաժանումները, քան թէ միաւորէր, թէ՛ երկրէն ներս եւ թէ արտաքնապէս։ Անիկա 2004-ին յայտնեց, թէ այսօրուան Ամերիկայի մէջ լայն խրամատ մը գոյութիւն ունի ազգին ազնուականներուն (մեծահարուստներուն – elites) եւ հասարակութեան միջեւ, ազգային ինքնութեան ուշագրաւութեան եւ այլ ինքնութիւններու միջեւ, բաղդատելով ա՛յլ ինքնութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի յատուկ դերակատարութեան մասին աշխարհի մէջ։ Մեծ թիւով մեծահարուստներ հետզհետէ անջատուած են (are devoured) իրենց մայր երկրէն, եւ ամերիկացի հանրութիւնը յուսախաբ դարձած է իր կառավարութենէն։

Ընդգրկելով համաշխարհայնացման գաղափարաբանութիւնը, արեւմտեան elite-ները խոցելի դարձած են քաղաքական մարտահրաւէրի մը, որ հիմնուած է մեծամասնական ազգայնականութեամբ՝ զոր անտեսեցին։

 

Մնացեալը յաջորդ թիւով

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

 

«Foreign Affairs», Յուլիս-Օգոստոս 2018

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին