Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Տոքթ. Վարդգէս եւ Տիկ. Մերի Նաճարեան կէս միլիոն տոլար տրամադրելով հիմնեցին ընտանեկան հիմնադրամ մը

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Կիրակի, Օգոստոս 26-ին Կլենտէյլի մէջ, Տոքթ. եւ Տիկ. Վարդգէս Նաճարեան իրենց ամուսնութեան 60-ամեակը տօնեցին 150 հրաւիրեալներու ներկայութեան:

Ընտանեկան եւ բարեկամական գնահատական ելոյթներէ ետք, հաճելի մթնոլորտի մէջ՝ իրենց անդրանիկ զաւակը, Կլենտէյլի նախկին քաղաքապետ եւ այժմ Քաղաքային խորհուրդի անդամ Արա Նաճարեան ուշագրաւ իր ելոյթի ընթացքին հաճելի անակնկալ մը ընելով յայտարարեց, որ իր ծնողքը հինգ հարիւր հազար տոլար նուիրելով կը հիմնեն Ընտանեկան հիմնադրամ մը, նպատակ ունենալով  օժանդակել կրթական եւ առողջապահական կարիք ունեցողներու՝ մասնաւորաբար զինուորական ընտանիքներու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: 

Կը շնորհաւորենք հայրենասէր ամոլին բարի ծրագիրը, մաղթելով, որ ան բարի օրինակ հանդիսանայ ամերիկահայ մեր հայրենակիցներուն։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին