Կիրակի, 22. 02. 2026

spot_img

Չինաստանը Հայաստանին Կը Նուիրաբերէ Շտապ Օգնութեան 200 Նոր Փոխադրատար Մեքենաներ. Ամբողջ Պահանջարկը Լիովին Կը Բաւարարուի

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւնը ՀՀ կառավարութեան անհատոյց կը նուիրաբերէ շտապ օգնութեան 200 փոխադրատար մեքենաներ, շտապ օգնութեան գծային մեքենաներ, անոնց օժանդակ սարքաւորումներն ու պահեստամասերը: Այդ մասին որոշումի նախագիծը հաստատուեցաւ կառավարութեան նիստի ժամանակ:

«Նախագիծով կը նախատեսուի շտապ օգնութեան մեքենաները եւ անոնց օժանդակ սարքաւորումները նուիրաբերել Երեւանի եւ մարզերու մէջ գործող բժշկական կազմակերպութիւններուն՝ շտապ օգնութեան աշխատանքը կազմակերպելու նպատակով: Ասով լիովին կը բաւարարուի Հայաստանի մէջ առկայ ամբողջ պահանջարկը: Աւելին, շտապ օգնութեան կանչերու մերժման խնդիր պիտի չունենանք այսուհետ»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ ըսաւ ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Իր խօսքով՝ մարզերուն մէջ նոյնպէս պիտի ըլլան փոխադրատար մեքենաներ, որոնցմով կը կարողանան միանգամայն հիւանդները տեղափոխել Երեւան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց չինական կողմին կարեւոր եւ անհրաժեշտ աջակցութեան համար: «Այս օգնութիւնը անգամ մը եւս կ’ընդգծէ հայ-չինական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը: Համոզուած եմ, որ այդ յարաբերութիւնները յառաջիկային էականօրէն կը զարգանան եւ նոր մակարդակի կը բարձրանան»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին