Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Ճէզիրէի Մէջ Ստեղծուած Զգայուն Կացութեան Գծով Խորհրդակցութիւն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա., Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Եւ Ն.Ս. Եունան Գ. Հոգեւոր Պետերու Միջեւ

Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ն.Ս. Աֆրամ Բ. եւ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ճէզիրէ շրջանէն ներս, յատկապէս համայնքային դպրոցներու գծով ստեղծուած դժուարութիւններու շուրջ։

Յայտնենք, որ վերջին շաբաթներուն յիշեալ շրջանէն ներս տիրական ներկայութիւն դարձած քիւրտերու իշխանութիւնը կարգ մը քայլերու դիմած է համայնքային դպրոցներէն ներս շարք մը կարգադրութիւններ իր հայեցողութեամբ կատարելու որոշումով։

Առաջարկուեցաւ, որ թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան։ Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթոլիկ պատրիարքը՝ Հալէպ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին