«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հինգշաբթի քաղաքական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջեւ տեղի ունեցան շարք մը հանդիպումներ, որոնց գլխաւոր նպատակն էր բեկումնային յառաջխաղացք գրանցել նախարարաց խորհուրդի կազմաւորման գործընթացին մէջ, որ, յիրաւի, թեւակոխած է չորրորդ ամիսը:
Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի քաղաքական բարձրաստիճան օգնական ֆինանսներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրիի հետ յետմիջօրէի ժամը 2-էն ետք: Այս մասին կը տեղեկանանք Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակէն:
Մօտ մէկ ժամ ետք, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախարարի պաշտօնակատար Մըլհեմ Ռիաշի հանդիպում ունեցաւ Նապիհ Պըրրիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազգային լրատուական գործակալութիւնը:
Մրցակից կողմերու հետ խորհրդակցութիւններու նոր փուլի ծիրէն ներս վարչապետի պաշտօնակատար Սաատ Հարիրի Չորեքշաբթի հանդիպում ունեցաւ ԼՈ-ի առաջնորդ Սամիր Ժաաժաայի հետ: Ջանքերը հիմնականօրէն նպատակաուղղուած են վերացնելու կառավարութեան կազմաւորման գործընթացի մէջ առկայ փակուղին: Կը նախատեսուի նաեւ մօտալուտ հանդիպում մը Հարիրիի եւ Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան Սամիր Ժաաժաայի միջեւ, նախքան որ վարչապետը ուղղուի Պաապտայի նախագահական պալատը՝ նախարարական պաշտօնէութեան ցանկի նախագիծը ներկայացնելու նախագահ Միշէլ Աունին: