Հասկցողին հազա՜ր բարեւ…
ԵԶՆԻԿ ԲԱԼԻԿ (ԲԱԼԱՅԵԱՆ)
Կենդանիներու համար անիրաւ,
Ծեր առիւծ արքան բանտ շինել տուաւ,
Իսկ հսկայ փիղին յանձնելով մական,
Կարգեց օրէնքի պետ ու տիրական:
Օր մըն ալ լսեց արքան բարեխիղճ,
Թէ բանտն ունեցաւ երեք բնակիչ:
Ուսերուն նետած շքեղ պատմուճան,
Բանտարկեալներուն գնաց տեսութեան:
– Ի՞նչ մեղք ես գործեր, – հարցուց աղուէսին,
Որ անմեղ գիծ մը տալով երեսին,
Ըսաւ,– Հաւատա՛ ո՜վ Անտառատէր,
Հաւ ճաշակե՛լն իսկ շատոնց եմ մոռցեր,
Որջիս մէջ նստած կ’երգէի սաղմոս,
Երբ առանց խօսքի փիղն ինձ բերաւ հոս:
Երկրորդը գայլն էր, սուր ատամներով,
– Հապա քո՞ւ մեղքդ,– հարցուց նոյն ձեւով.
— Ե՞ս, մեղայ երկինք, ե՞ս ալ գործեմ մեղք,
Իմ մասիս ո՛ւր որ կ’ուզէք հարցուցէք:
Հինցած վրէժ մը լուծելու համար,
Փիղն ինձ բանտարկեց անամօթաբար:
Կարգն եկաւ վագրին,
Որ նոյն հարցումին՝
Չշփոթեցաւ, ո՛չ ալ կմկմաց,
Այլ պատասխանեց քաջ ու սրտաբաց.
– Չդիմանալով սովի ու քաղցի,
Հիւանդ եղնիկ մը ողջ-ողջ լափեցի:
Պահ մը խորհեցաւ արքան իմաստուն,
Դաս մը ուզեց տալ ստախօսներուն.
Ձեռքի շարժումով փիղը ներս կանչեց
Ու հեգնոտ սաստով վճիռ արձակեց,–
– Անօրէն վագրին կապանքը քակէ
Եւ անմիջապէս ազատ արձակէ,
Որպէսզի չըլլա՛յ բանտին մէջ այս նեղ,
Գայլ ու աղուէսի մաքուր ու անմեղ,
Բարոյականը անաղարտելի՝
Վագրին միջոցաւ յանկարծ խաթարուի:
…
Մեղապարտ մարդը երբ սուտ գլորէ,
Պատիժի շղթան իր շուրջ կ’ոլորէ: