Ուրբաթ, 18. 04. 2025

spot_img

Ապրումներ եւ վերապրումներ

ՃԱՆԱՊԱՐՀ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆ  ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Կարս էինք: Հայաստանի հարս: Ինչե՜ր, ինչե՜ր չէր անցած Կարսի գլխէն: Հայկական, թրքական, պարսկական եւ ռուսական բանակներ  քանի՜-քանի՜ անգամներ ձեռքէ ձեռք խլած էին Կարսը մինչեւ անցեալի 100 տարին, կարծէք ժամանակաւորապէս հանգչելու համար թրքական ափերուն մէջ: Առաջին շրջապտոյտնիս եղաւ այցելել Եղիշէ Չարենցի բնակարանը, ուր ապրած էր մի քանի տարի: Երեւակայեցէք սիրելի ընթերցող, ճամբու մը եզրին, երկու փոքր քարաշէն սենեակներ, կողք-կողքի, առանց երդիքի, պատուհաններու կամ դրան, ներսը լեցուն՝ տարիներու ընթացքին կուտակուած աղբով եւ խոտով՝ մինչև շեմ: Աւերակ մը, որ զարմանալիօրէն՝ տակաւին չեն քանդած կամ վերացուցած: Եղիշէ Չարենցի յիշատակը վերակենդանացնելու որևէ ջանք ապարդիւն եղած է մինչեւ այսօր, անհատական նախաձեռնութիւններու միջոցաւ,  պետութեան մօտ կամ անոր կողմէ. այդպիսով լքուած թողնելով «նայիրեան աղջիկներ»ը գովերգող Չարենցի տունը, անհրապոյր ճամբու մը եզրին, շրջապատուած իրեն նման քարաշէն եւ խրճիթներու կոյտերով:

Ճամբան շարունակեցինք դէպի Կարսի բերդ: Տակաւին կանգուն էր այդ հզօր կառոյցը իր վիթխարի եւ դէպի երկինք սլացող պատերով, կողքին՝ մզկիթի վերածուած հայոց Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին, ուր «նամազ» կ՚ընէին, կ՚աղօթէին մեր այցելութեան ժամանակ: Թրքական դրօշը կը ծածանէր բերդին ճակատին, որ վերածուած էր զօրանոցի… մեր այցելութիւնը սահմանափակելով արտաքին պարիսպներուն առջեւ միայն: Կրնամ ըսել գլխիկոր վերադարձանք քաղաք: Հաճելի չէր տեսնել Բագրատունեաց դարաւոր հարստութիւնը օտար իշխանութեան ներքեւ: Բայց չէինք կռահեր, թէ այս տակաւին սկիզբն էր մեր վհատեցուցիչ «պտոյտին»:

Կարսի քաղաքակեդրոնը տարբեր էր: Եռուզեռ էր ամէնուրեք: Մարդիկ տարբեր էին, հագուստով, երեւոյթով, վարուելակերպով եւ այլն: Այնտեղ մրցումի մէջ էին 21-րդ  ու 19-րդ դարերը: Վիհային տարբերութեամբ երիտասարդութիւն մը կը բաժնէր այդտեղի տարեցներէն, որոնք կարծէք տակաւին 1800-ական թուականները կ՚ապրէին: Օտար երկիր, մանաւա՛նդ՝ թրքականութիւն եւ քրտականութիւն բուրող միջավայր, զգուշութեան եւ անհանգստութեան մթնոլորտ մը ստեղծած էր մեր մէջ, մանաւանդ զգացական գետնի վրայ, որմով սնած էինք տարիներ ու տարիներ շարունակ։ Եւ այժմ, կը գտնուէինք այդ նոյն վայրը, որուն պատմութիւնը տակաւին թարմ էր մեր միտքերուն մէջ իր տարաբաղդ անցուդարձերով: Երիտասարդ սերունդը մեր մօտէն կ՚անցնէր անտարբերութեամբ, կրնամ ըսել անգիտակից, իրենց հայեացքներէն դատելով, իսկ տարեցները… կարծէք բան մը լսած էին կամ գիտէին, բայց չէին կրնար խօսիլ կամ  ընել եւ տխո՜ւր ու տարտամ հայեացքներով կարծէք կը հետեւէին մեզի, իրենց «չայի» (թէյի) կրպակներուն առջեւ նստած,  կը ծխէին ու կը ծխէին մեր վրայ ափսոսալու աստիճան: Անոնք շատ լաւ գիտէին, որ հայեր ենք:

Վերջապէս վարժուեցանք մթնոլորտին: Այնքան ալ կասկածելի եւ վտանգաւոր չէր թուէր Կարսի մայր պողոտայի եռուզեռը, իր նորակերտ շէնքերով եւ նորոյթներով զարդարուած խանութներու փեղկերով, որոնց կողքի փողոցներուն մէջ տակաւին կանգուն էին հնակերտ քարաշէն շէնքեր, մութ ու տխուր, մգլոտած կամ կիսափլատակ պատերով եւ կամ կորսուած անմշակ խոտերու խուրձերու եւ ծառերու մէջ:

***

Երեկոյ էր արդէն և հաճելի չէր գիշերները դեգերիլ  անծանօթ միջավայրի մը մէջ, ուստի աճապարեցինք դէպի պանդոկ, ուր բարեբախտաբար կրնայինք հետեւիլ համաշխարհային ֆութպոլի մրցաշարքին:

Լսած էինք եւ տեսած, Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ մեր ապրած կեանքի ընթացքին,  թէյի սպառումին մասին, որ կը փոխարինէր սառնորակ ջուրը կամ ըմպելին, ամառ թէ ձմեռ: Բայց այստեղ… արդէն անսահման էր թէյի գործածութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը, մանաւանդ երբ «պախշիշ» (ձեռաձիր) տեսնէին:

Յաջորդ առաւօտ ճամբայ պիտի ելլէինք դէպի Տարեունք , Տողուպայազիտ և Վան:

 

Շար. 3

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին