«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՄԱԿ-ի գաղթականներու գործակալութեան հրապարակած ամէնամեայ զեկոյցին համաձայն՝ ի յայտ կու գայ, որ, ընդհանուր առմամբ, գաղթական երիտասարդութեանց 23 տոկոսը միայն կը մտնէ միջնակարգ դպրոց՝ համեմատած համաշխարհային 84 տոկոս ցուցանիշին: Գաղթականներու պարագային, միայն 1 տոկոս յառաջընթաց կայ դէպի բարձրագոյն կրթութիւն:
Զեկոյցը դիտարկեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի լիազօրութեան ներքոյ գտնուող 7.4 միլիոն դպրոցահասակ երեխաներու եւ դեռահասներու կրթական ուղեգիծերը:
Անոնցմէ 4 միլիոնը, որ ակնյայտօրէն կէսէն աւելի է, դպրոց չի յաճախեր: Վիճակագրութիւնը յստակ անկում ցոյց կու տայ նախակրթարանի տարիներէն, ուր, հակադրաբար, գաղթական երեխաներու 61 տոկոսը ներգրաւուած էր ուսումնական կեանքին:
Նշենք, որ Լիբանան կքած է սուրիացի գաղթականներու բեռին տակ, որ հակառակ կարգ մը մասնակի լուծումներու, կը մնայ շատ մտահոգիչ երեւոյթ: Վերը նշուած երեւոյթը նաեւ եւ եւ անմիջականօրէն կը վերաբերի Լիբանան գտնուող սուրիացի գաղթականներուն, որուն անլոյծ մնալը լուրջ վտանգ կը սպառնա՛ ոչ միայն ինքնին՝ գաղթականին այլ նաեւ երկրին ընդհանուր ապահովութեան: