Երկուշաբթի, 02. 02. 2026

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի Միջեւ Տեղի Ունեցած Է Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Երէկ առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 29 Օգոստոս 2018-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Բակօ Սահակեանի հետ։

Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդման ձգտող բոլոր աշխատանքներուն եւ նոյն այդ աշխատանքներուն նուիրուած Արցախի նախագահին։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ամրապնդումը ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայաստանին ու ազգային պահանջատիրութեան համար։ Հետեաւաբար, բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեամբ ու աչալրջութեամբ անհրաժեշտ է հետեւիլ Արցախին ու ընդհանրապէս շրջանին առնչուած քաղաքական, զինուորական ու տնտեսական զարգացումներուն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին