«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Չորեքշաբթի ըսաւ, որ շուրջ չորս ամիս առաջ ընտրուած խորհրդարանը ամենայն հաւանականութեամբ պիտի գործարկէ իր օրէնսդրական աշխատանքները, ուր միաժամանակ վերահաստատեց ազգային միասնական կառավարութիւն ձեւաւորելու հրամայականը: Այս մասին կը հաղորդեն տեղական լրատուամիջոցները:
Խորհրդարանի նախագահը օրէնսդիրներուն հաղորդեց, որ, ըստ լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, օրէնսդրական նիստի պիտի հրաւիրէ կողմերը, երբ խորհրդարանական յանձնաժողովները աւարտեն շարք մը օրէնքներու նախագիծի քննարկումները:
Յայտնենք, որ հակասական դիրքորոշումներն ու տարակարծութիւնները վերջերս յարադէպ բնոյթ ստացած են, թէ արդեօք խորհրդարանը կրնա՞յ վերսկսիլ իր աշխատանքները՝ ի հեճուկս այժմու կառավարութեան միառժամանակ կարգավիճակին: Այցելուները, «LBCI» տեղական հեռուստակայանի փոխանցմամբ, յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի պիտի դիմէ այս քայլին, եթէ կառավարութեան կազմաւորումը դեռեւս երկարաձգուի: