Չորեքշաբթի, 01. 10. 2025

spot_img

Զօրամասի Հերթապահ Մասին Մէջ Յայտնաբերուած է Աւագ Հարիւրապետի Դին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ Քննչական Կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան իններորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ կը քննուի աւագ հարիւրապետ Կարէն Սամուէլի Յովհաննիսեանի մահուան հանգամանքները: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէէն:

2018-ի Օգոստոս 29-ին` ժամը մօտ 08:15-ին, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի հերթապահ մասին մէջ յայտնաբերուած է զօրամասի հերթապահ, աւագ հարիւրապետ Կարէն Սամուէլի Յովհաննիսեանը` կզակի եւ գլխու գագաթնային շրջանին մէջ մահացու հրազէնային վէրքով:

Կատարուած է դէպքի վայրի զննութիւն: Յարուցուած է քրէական գործ` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասով:

Կը կատարուի նախաքննութիւն:

Տեղի կ՛ունենան անհրաժեշտ քննչական գործողութիւններ` զինծառայողի մահուան հանգամանքներու բազմակողմանի, առարկայական եւ լրիւ հետազօտումը ապահովելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին