ՀՐԱՆԴ ՍԱՐԱՖԵԱՆ
«Washington Times» հանդէս եկած է յօդուածով՝ անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք ստեղծուած իրավիճակին՝ խօսելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դէմ յարուցուած քրէական գործին մասին: Ամերիկեան հանրայայտ լրատուամիջոցը կ»ահազանգէ, որ Հայաստանի մէջ իրականացուող վրէժը անկասկած կը փլուզէ արդարադատութեան հիմքերը։
«ՔոնՖուսիոս ըսած է. «Վրէժխնդրութենէ առաջ երկու գերեզման փորէ՛»։ Ն. Փաշինեանն ու իր դատաւորները պիտի յիշեն այս ճշմարտութիւնը։
Եթէ Հայաստանը իրապէս շահագրգռուած է Արեւմտեան քաղաքականութեամբ եւ գործընկերութեամբ, ապա պէտք է հաւատարիմ մնայ եւ յարգէ մարդու իրաւունքներու միջազգային կարգերն ու իրաւական պայմանագիրերը, այդ կարգին՝ Եւրախորհուրդի կողմէ 2008-ին խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու ճանաչումը։
ԱՄՆ խորապէս շահագրգիռ է Կովկասեան տարածաշրջանի կայունութեամբ։ Սակայն Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ առհասարակ իրաւական կարգերու խախտումները կրնան վտանգել երկրի կայունութիւնը, ինչը հաւանական է, որ ըլլայ Ռոպերթ Քոչարեանի պարագային։
Տրամաբանական է, որ Փաշինեանը, ըլլալով քաղաքական նորեկ, պիտի չհատէ որոշ կարմիր գիծեր, այդ կարգին՝ վրէժ իրականացնէ, ինչ որ ակնյայտօրէն կրնայ սասանել Հայաստանի մէջ այնքան փխրուն եւ խոցելի օրէնքի իշխանութիւնը։
Ու թէեւ բոլորը գիտեն, թէ ժամանակին ի՛նչպէս վարուած է Քոչարեանը Փաշինեանի նկատմամբ, սակայն նոյն ապօրինութիւնները Փաշինեանի կողմէ կիրարկուելու պարագային, սպառնալիքի մեծ հաւանականութիւն կրնայ ըլլալ վերջինիս երկարակեցութեան»,- ըսուած է յօդուածին մէջ։
Յօդուածագիրը խորհուրդ կու տայ դասեր քաղել հարեւան Վրաստանէն, ուր, արդարեւ, «Վրացական երազն» ու «Ազգային շարժումը» ձախողութեան մատնուեցան նաեւ իրենց հակառակորդներուն նկատմամբ հայեցողական արդարադատութիւն իրականացնելու պատճառով։
Աւելի մանրամասն կարդացէ՛ք www. amp.washingtontimes.com
Բնագիրը՝ Արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ «Իրաւունք» կայք
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից