Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Պըրրի Կոչ Կ’ընէ Աւելի Մեծ Թափ Հաղորդելու Նոր Կառավարութեան Կազմաւորման Գործընթացին

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրի Այն Ալ Թինէի իր նստավայրին մէջ այցելուներու հետ հանդիպումի ժամանակ վեր հանեց կառավարութեան կազմաւորման շուրջ բանակցութիւններուն աւելի մեծ թափ հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Այս մասին Երեքշաբթի հաղորդեց «Ալ Ժումհուրիա» օրաթերթը:
«Աշխատանքային բոլորովին տարբեր թափ կ’ակնկալուէր Հարիրիի վերադարձէն ետք»,- ըսաւ այցելուներուն՝ ի պատասխան կառավարութեան կազմաւորման վերջին զարգացումներուն վերաբերեալ ուղղուած հարցին, որ, յիրաւի, թեւակոխած է չորրորդ ամիսը՝ առանց նկատառելի շարժի:
Յիշեցնենք, որ կազմաւորման գործընթացի փակուղին պայմանաւորուած է քաղաքական զանազան կողմերու առաջադրած հակընդդէմ պահանջներով, որուն արդիւնաւէտ լուծման ուղղութեամբ Հարիրի յանձնառած է նախարարաց խորհուրդի պաշտօնէութեան ցանկի ամբողջացումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին