Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Գերմանիան Շահագրգռուած Է ՀՀ Տարածաշրջանին Մէջ Խաղաղութեան Հաստատմամբ. ՀՀ ԱԳՆ Ներկայացուցիչ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գերմանիան շահագրգռուած է ՀՀ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատմամբ եւ պատրաստ է քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու այս հարցի գծով:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Օգոստոս 28-ին տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեանը:

«Գերմանիոյ վարչապետը Հայաստան կատարած այցի ընթացքին անգամ մը եւս վերահաստատած է, որ իրենք յանձնառու են արցախեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Ան շեշտած է, որ կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որուն պատրաստ ըլլան բոլոր կողմերը: Մերքելը նշած է նաեւ, որ իրենք պատրաստ են քաղաքական պատասխանատուութիւն ստանձնելու այս հարցի գծով»,- ըսաւ Նաղդալեանը:

ԱԳՆ մամուլի խօսնակի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի խօսքով` Մերքելը արցախեան խնդիրին անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ:

«Պաքուի մէջ, խօսելով այս հարցին շուրջ, Մերքելը նշած է, որ հակամարտութեան գօտիին մէջ ապրող մարդոց խնդիրներուն պէտք է իրական լուծումներ տրուին»,- ըսաւ Աննա Նաղդալեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին