Հինգշաբթի, 18. 09. 2025

spot_img

Արմէն Սարգսեան Եւ Արա Պապլոյեան Քննարկած Են Երկրին Մէջ Տիրող Ներքաղաքական Իրավիճակը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Օգոստոս 28-ին կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Պապլոյեանի հանդիպումը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ հանդիպումի նախաձեռնութեան առաջարկով աւելի կանուխ հանդէս եկած էր Ազգային ժողովի նախագահը՝ երկրի ներքաղաքական դրութեան մասին յայտարարութեամբ:

Խորհրդարանի ղեկավարը Հանրապետութեան նախագահին տեղեկացուցած է, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ նախօրէին կայացած հանդիպումին կողմերը արձանագրած են, որ խնդիրներու լուծման ուղղուած բոլոր քայլերը պէտք է ըլլան ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան, քաղաքական երկխօսութեան, բանակցութիւններու եւ քննարկումներու մթնոլորտին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը, կարեւորելով սահմանադրութեան գերակայութեան հրամայականը, վերահաստատած է իր դիրքորոշումը, որ խնդիրները լաւագոյնս կը լուծուին երկխօսութեան եւ բանակցութիւններու միջոցով, որոնց ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կը յարգեն կողմերը՝ հետեւողականօրէն կատարելով այդ պայմանաւորուածութիւններուն միտուած գործողութիւններ՝ միաժամանակ դասեր քաղելով եւ արձանագրելով յաջողութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին