«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու գլխաւոր տնօրէնութիւնը Երկուշաբթի նշեց ուժերու 73-րդ տարեդարձը տնօրէնութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
Տօնակատարութիւնը, որ կը գլխաւորէր ընդհանուր հրամանատար Ապպաս Իպրահիմը, տեղի ունեցաւ «Ան որ կ’երթայ մարտիրոսութեան, կը յաղթանակէ եւ երկիրը կը վերաշինէ» կարգախօսին տակ, ի ներկայութիւն զոհուած զինծառայողներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորուած անդամներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը սպաներու եւ հրաւիրեալներու: Միջոցառումին ընթացքին Իպրահիմ հանդէս եկաւ ուղերձով, ուր բարձր գնահատեց ապահովութեան ուժերու անդամներուն խաղացած կարեւոր դերը երկրի կայունութեան ապահովման առնչութեամբ, որոնք, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, իրենց կեանքի գնով կը պաշտպանեն լիբանանցիները:
Իպրահիմ աւելցուց, որ այս առիթը չի կրնար ամբողջական ըլլալ՝ առանց ոգեկոչելու մեր զոհերն ու վիրաւորուած զինծառայողները: Ան ըսաւ, որ շնորհիւ անոնց անասելի զոհողութեանց՝ Լիբանան այսօր կայուն է: