«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփ Սպիտակ տան վարչակազմին արգիլած է պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակած ծերակոյտ Ճոն Մաքքէյնի մահուան մասին: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, գրած է «The Washington Post» թերթը:
Սպիտակ տան մամուլի քարտուղար Սառա Սանտերսի եւ Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավար Ճոն Քելլի պատրաստած փաստաթուղթին մէջ կ’առաջարկուէր յիշել ծերակոյտի մարտական վաստակին մասին եւ զայն ներկայացնել որպէս պատերազմի հերոս: Իսկ Թրամփը որոշած է բաւարարուիլ թուիթըրի վրայ հակիրճ ցաւակցութեամբ:
Սանտերսը հրարաժարած է պարզաբանել Թրամփի դիրքորոշումը: Հրատարակութեան լրագրողները կը կարծեն, որ նախագահի սոյն արարքի պատճառը դարձած է Մաքքէյնի կողմէ Սպիտակ տան այժմու տիրոջ վարած քաղաքականութեան դէմ քննադատութիւնը: Մասնաւորապէս քաղաքական գործիչներուն միջեւ փորձաքար դարձած է առողջապահութեան բարենորոգութիւնը, որուն դէմ հանդէս կու գար Մաքքէյնը:
Ընտրարշաւի ժամանակ Թրամփ ծաղրած է Մաքքէյնին, որ վեց տարի անցուցած է վիեթնամական գերութեան մէջ: Ապագայ նախագահը յայտարարած է. «Ան պատերազմի հերոս եղած է, որովհետեւ զինքը գերի վերցուցած են: Ես կը յարգեմ այն մարդիկը, որոնք գերի չեն ինկած»: Հետագային, Թրամփ ներողութիւն չէ խնդրած ծերակոյտէն, բայց, այնուամենայնիւ, սկսած է զայն պատերազմի հերոս անուանել:
Օգոստոս 26-ին Մաքքէյնի ընտանիքը նախագահ Տոնալտ Թրամփին խնդրած է չմասնակցիլ յուղարկաւորութեան, այլ սահմանափակուիլ սոսկ հրաժեշտի ճառով:
Ուղեղի քաղցկեղէ մահացած քաղաքական գործիչը մէկ տարուան ընթացքին ծրագրած է սեփական յուղարկաւորութիւնը, արարողութեան Թրամփի բացակայութիւնը պարտադիր պայման եղած է:
Մաքքէյնը մահացած է Օգոստոս 26-ին 82 տարեկանին: Մահէն երկու օր առաջ ծերակոյտը հրաժարած է բուժուիլ: