Հինգշաբթի, 05. 06. 2025

spot_img

Մեկուսարանը Մանուէլ Գրիգորեանին Լուսանկարողը ԱԱԾ Աշխատակից Է. Ծառայողական Քննութիւն Նշանակուած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մեկուսարան գտնուող Մանուէլ Գրիգորեանին լուսանկարելու գործով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ նշանակուած է ծառայողական քննութիւն։ «Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Օգոստոս 25-ին Հրազդան քաղաքի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

«Չեմ թաքցներ՝ լուսանկարը ըրած է մեր աշխատակիցը, որ բարձր պաշտօն կը զբաղեցնէ։ Իրեն նկատմամբ ծառայողական քննութիւն նշանակուած է, որմէ ետք եթէ պարզուի, որ իր արարքը քրէականօրէն պատժելի է, ան կը մեղադրուի, իսկ եթէ քրէականօրէն պատժելի արարք չ’ըլլայ, կը հեռացուի աշխատանքէն»,- ըսաւ Վանեցեանը։

ԱԱԾ տնօրէնը դատապարտեց այդ լուսանկարի տարածումը։ Վանեցեանի կարծիքը այս առումով կը կիսէ նաեւ արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյլանեանը։

«Այդպիսի լուսանկարներու տարածումը դատապարտելի է։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն ու չտրուին նման լուսանկարներ հրապարակելու գայթակղութեան»,- ըսաւ Զէյնալեանը։

 Նշենք, որ անցեալ շաբաթ տարածուած էր Մանուէլ Գրիգորեանը վարկաբեկող նկար մը՝ առնուած առանց իր գիտակցութեան երբ ան նստած է իր մեկուսարանին մէջ: Բան մը, որ ահագին աղմուկ բարձրացուց հանրային կարծիքի մօտ  մարդկային իրաւունքներու տեսանկիւնէ: Աւելին նշենք, որ լուսանկարը առաջին անգամ հրապարակած էր վարչապետին տիկնոջ խմբագրած լրատուական միջոցը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին