Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Հայ Մշակոյթի Ամիս Պուէնոս Այրէսի Մէջ

«ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ»,  ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ – Թէքէեան Մշակութային Միութեան (ՌԱԿ) եւ Լա Փլաթա-ի Պետական Համալսարանի Իրաւաբանութեան Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Օգոստոս 30-են սկսեալ, Պուէնոս Այրէս նահանգի մայրաքաղաք՝ Լա Փլաթայի մէջ տեղի պիտի ունենան տարբեր միջոցառումներ Հայ Մշակոյթի Ամիս խորագիրին տակ։

Հինգշաբթի օր ժամը 16-ին, Լա Փլաթա-ի Համալսարանի մէջ ելոյթ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Լիազօր դեսպան Տիկ․ Էսթեր Մկրտումեան․ Դասախօսութեան նիւթն է «Ժողովրդավարութիւն եւ Մարդկանց Իրաւունք ոչ ճանաչուած անկախ երկիրներու մէջ՝  Արցախի Հանրապետութիւնը»։

Ժամը 18.30-ին, Լա Փլաթա-ի Քաղաքապետութեան Թանգարանին մէջ (MUMART), բացումը պիտի կատարուի «Եաները՝  հայ ինքնութեան պատկերացումը արուեստին մէջ» ցուցահանդէսը, որ  Քաղաքապետարանի եւ Սենատի կողմէ հռչակուած է «De interés municipal» y «De interés provincial»։

Հանդիսաւոր բացման արարողութեան, ներկայ կը գտնուին Լա Փլաթա-ի  Քաղաքապետարանի եւ Սենատի ներկայացուցիչներ, հայկական հաստատութիւններու վարչանդամներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին