Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

Ներքին Ապահովական Ուժերը Օդակայանը 3 Միլիոն Տոլար Արժողութեամբ Թմրանիւթեր Յայտնաբերած Է

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պրազիլէն ներկրուող աւելի քան 60 քիլոկրամ թմրանիւթեր, որոնք գաղտնաբար պահուած են օճառահեղուկի շիշերու մէջ, յայտնաբերուած են Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի միջազգային օդակայանին մէջ ներքին ապահովական ուժերու կողմէ: Այս մասին Շաբաթ յայտարարեց ներքին անվտանգութեան ուժերը:
ՆԱՈՒ-ի կողմէ առգրաւուած է օճառահեղուկի 98 շիշ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պարունակէ 61 տոկոս թմրանիւթ (քոային) 3 միլիոն տոլար արժողութեամբ: Ներմուծուած նիւթերու կապոցին վրայ ակնյայտ էր համաշխարհային ապրանքանիշ:
Չորս ամիս հետաքննութենէ ետք, ՆԱՈՒ-ն Օգոստոս 15-ին ձերբակալեց հակաօրինական միջադէպի մէջ ներգրաւուած յանցագործներէն մէկը, որ ըստ երեւոյթին ցուցմունքներ տուաւ::
Հետաքննութիւնները կը շարունակուին դատական վերահսկողութեան ներքոյ, մինչ պատկան մարմինները կ’աշխատին այլ կասկածեալներ կալանաւորելու ուղղութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին