Վարագավանքի ամբողջական կենսագրականը (Գրախօսութիւն Պետրոս Թովմասեանի «Վարագավանքը պատմութեան քառուղիներուն», (Երեւան, 2018) աշխատութեան առիթով
ԱՇՈՏ ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
Պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր
Պետրոս Թովմասեանը հայագիտական շրջանակներու համար անյայտ դէմք չէ: Ան հեղինակ է երեք մենագրութիւններու եւ բազմաթիւ յօդուածներու, որոնք նպատակ կը հետապնդեն լուսաբանելու ոչ միայն հայագիտութեան առնչուող բազում հիմնախնդիրներ, այլեւ զանոնք վեր հանելու եւ լուծելու տարածաշրջանի պետական կազմաւորումներու պատմութեան համադրութեամբ կամ ամբողջ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու պատմութեան յետնախորքին վրայ: Ասոր համոզուելու համար բաւական է ծանօթանալ իր «Հայկական լեռնաշխարհը եւ Միջագետքը (Հին ժամանակներէն մինչեւ 1թ. Ք. Ե.)», Երեւան, 2006, «Արարատ – Ուրարտու Աստուածաշունչի ընդմէջէն (Ուրարտու – Ասորեստանեան պատմական երկարատեւ պայքարի ազդեցութիւնը Իսրայէլի եւ Յուդայի թագաւորութիւններու պատմութեան վրայ»), Երեւան, 2012, «Արաբական խալիֆայութեան վերջին պատմաշրջանը եւ հայութիւնը (991 – 1258) (Հայկական ծագումով արաբական խալիֆաները)», Երեւան, 2016, աշխատութիւնները: Այս ուսումնասիրութիւններու արժեւորումն ու ըստ ամենայնի գնահատումը այլ խնդիր է, զոր կը փորձենք լուծել յառաջիկային՝ այս տարածաշրջանի հեղինակին համար խնդրոյ առարկայ ժամանակահատուածի քաղաքական միաւորներու պատմաքաղաքաքական զարգացման օրինաչափութիւններու ճիշդ ընկալման նպաստելու ջանքերով պայմանաւորուած:
Բայց այսօր շատ կարեւոր կը համարենք Պետրոս Թովմասեանի Վարագավանքի պատմութեան նուիրուած աշխատանքի գնահատումը մի քանի տեսանկիւններէ: Առաջինը՝ անիկա իր ամբողջութեան մէջ ինքնօրինակ է, որովհետեւ աշխատութեան շարադրման հեղինակի ընտրած ձեւաչափը կը տարբերի միւսներէն: Երկրորդ՝ հեղինակը առկայ սկզբնաղբիւրներու եւ խնդիրին նուիրուած ուսումնասիրութիւններու մանրազնին ուսումնասիրութեամբ վեր հանած է այս հոգեւոր տաճարի ամբողջական պատմութիւնը՝ հայոց ողբերգական եւ հերոսական պատմութեան մէջ անոր ունեցած դերի գնահատումով: Երրորդ՝ հայոց մշակութային եւ հոգեւոր կեանքի զարգացման մէջ Վարագավանքի դերը լուսաբանուած է բոլոր մանրամասնութիւններով:
Մենագրութիւնը բաղկացած է հինգ գլուխներէ, ուր հեղինակը հետամուտ կ’ըլլայ առանձին խնդիրներու լուծման՝ փաստերու համադրութեամբ քննական վերլուծութիւններ կատարելու ճամբով: Բնական է, որ ան աշխատանքը պէտք է սկսէր Վարագայ լերան տեղի եւ դիրքի, հեթանոսական շրջանի Հայոց պատմութեան մէջ այդ լերան կարեւորագոյն դերի ճշդումով եւ մատնանշումով: Փաստերու հիմամբ եւ գեղեցիկ ոճով ան այնպէս կը նկարագրէ Վարագայ լեռը, որ, յիրաւի, այն ճիշդ տպաւորութիւնը կ’ունենաս, որ անիկա սուրբ էր նաեւ հեթանոսական շրջանին: Եւ այդ սրբութեան վկայութիւնն է լերան Վահագի անունէն ծագած ըլլալու հանգամանքը, ինչպէս նաեւ այն, որ Վարագ կը կոչուէր հեթանոսական տոմարով ամսուան 29-րդ օրը: Իր երկրաչափութեան մասնագիտութեամբ ստացած բարձրագոյն կրթութեան հիմամբ Պ. Թովմասեանը կարողացած է ճշգրտել եւ ամբողջական դարձնել հայոց հեթանոսական տոմարի առանձնայատկութիւնները, տալ տոմարի՝ որպէս գիտութեան սահմանումը եւ ապա հայոց հին տոմարի առանձնայատուկ կողմերը: «Տոմարը,- կը գրէ ան,- ժամանակ չափելու եւ ժամանակի հետ առնչուած այլ հարցերու ուսումնասիրութեանց գիտութիւնն է: Հայ ժողովուրդը աշխարհի հին ժողովուրդներու նման ստեղծած է իր սեփական տոմարը՝ որոշելու համար ցանքի, բերքահաւաքի եւ այլ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակները: Հայ ժողովուրդը իր տոմարը հիմնած է արեգակի վրայ, այսինքն՝ հայկական տոմարը արեգակնային է» (էջ 13): Հայոց հին տոմարի 30 օրերէն ամէն մէկը ունէր իր անունը եւ Վարագ կը կոչուէր, ինչպէս նշեցինք, 29-րդ օրը:
Արդարեւ, հետաքրքրական ճշգրտումներ կատարուած են՝ կապուած Հայկի եւ Բելի մենամարտի վայրին հետ, որ կը գտնուի Վարագայ վանքին եւ Վանայ լիճին միջեւ գտնուող սարահարթին վրայ, Վարագայ լերան ուրարտական թագաւորներու պաշտամունքի կեդրոններուն մէջ ունեցած տեղի եւ բազում այլ առումներով:
Եզրակացութիւնը սա՛ է. լեռը սրբավայր եղած է վաղնջական ժամանակներէն եւ շարունակած է այդպէս մնալ նաեւ հետագայ դարերուն:
Գիրքի Բ. գլուխը նուիրուած է Վարագայ վանքի հիմնադրման: Առասպելականի, երեւակայականի, առկայ սկզբնաղբիւրներու համադրական քննութեան ճամբով հեղինակը իր ընթերցողին այն համոզումը կը ներշնչէ, որ այն ինչ կը գրէ, հազիւ թէ գտնես մէկ այլ տեղ՝ նոյն ճշգրտութեամբ: Հեղինակը այս գլուխին կցած է Ներքին Վարագավանքի եկեղեցիներու յատակագիծը, առանձին ցուցակներով տուած է եկեղեցիներու եւ անոնց հիմնադիրներու անունները, հիմնադրման ժամանակաշրջանը, առանձին ենթավերնագիր նուիրած է Աշոտ Արծրունիի գերութեան, ապա անոր վերադարձին եւ Վարգավանքը ութմանիկներէն ետ վերցնելուն, փոքրիկ ենթագլուխով ալ՝ Դերենիկ Արծրունիի գործունէութեան, որ արաբներու կողմէ նշանակուեցաւ Վասպուրականի տէր՝ վերականգնելով Արծրունիներու իրաւունքները եւ քառորդ դար ապրելէ ետք մահանալով թաղուեցաւ Վարագայ վանքը, «որ Վասպուրականի հայութեան համար կարեւոր սրբատեղի էր» (էջ 38):
Գիրքի Գ. գլուխը կը ներկայացնէ Վարագավանքը Արծրունիներու թագաւորութեան շրջանին: Եւ անիկա պատահական չէ. այս շրջանին, ինչպէս Բագրատունեաց, այնպէս ալ Արծրունեաց թագաւորութիւնը կ’ապրի հոգեւոր- մշակութային վերելքի ժամանակաշրջան: Այդ հոգեւոր- մշակութային վերելքի մէկ մասն ալ կը կազմէր Վարագավանքը, ինչը կ’ապացուցուի նաեւ Պետրոս Թովմասեանի սոյն աշխատութեամբ: Գագիկ Արծրունին իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէր Վարագայ վանքը, ուր այդտեղ գտնուող Փրկիչի Սուրբ խաչը ան նորովի զարդարեց, ապա կառուցեց Վարագայ Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Կարեւոր կը համարենք հեղինակի անդրադարձը Բագրատունիներուն եւ Արծրունեաց թագաւոր Դերենիկի մերձեցման, որուն շնորհիւ Վարագավանքի վանահայր Անանիա Մոկացին դարձաւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս: Ճշմարիտ է հեղինակը, երբ կարծիք կը յայտնէ, որ ասով Արծրունիները ընդունեցին Բագրատունի թագաւորներու գերիշխանութիւնը:
Վարագավանքի քաղաքական դերի գնահատականը կու տայ հեղինակը՝ անդրադառնալով Ապլղարիպ իշխանի դաւաճանութեան, որուն հետեւանքով արաբները կը գերի կը վերցնեն Անձեւացաց գաւառի Դերենիկ իշխանը: Եւ Վարագայ վանքի միաբաններու անէծքն ու միջամտութիւնը կը ստիպէ Ապլղարիպը զղջալու իր կատարածին համար եւ գերութենէ փրկելու Դերենիկը:
Ապա հեղինակը դարձեալ կու տայ Վարագայ Ս. Նշան վանքի եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցիներու կառուցման պատմութիւնը: Յատկապէս հետաքրքրական եւ գիտական շրջանառութեան մէջ գրեթէ չհանդիպած փաստ մը կը մէջբերէ Պ. Թովմասեանը Աշոտ Դ. թագաւորին վերաբերեալ, որ Յովհաննէս Սմբատի հետ գժտութեան մէջ էր: Ըստ իրեն՝ Աշոտի Վարագայ Ս. Նշան այցելութենէն ետք տեղի կ’ունենայ եղբայրներու հաշտութիւնը:
Այս գլուխը հեղինակը կ’աւարտէ՝ ներկայացնելով Վարագայ Ս. Խաչի պատմութիւնը Արծրունիներու թագաւորութեան անկումի շրջանին: Սենեքերիմ թագաւորը զայն իրեն հետ կը տանի Սեբաստիա ու կը պահէ այնտեղ կառուցած Ս. Նշան վանքին մէջ: Բայց անոր մահէն ետք անիկա կրկին կը վերադարձուի Վասպուրական եւ կը պահուի Ս. Նշան վանքին մէջ: Կարեւոր է հեղինակի այն մատնանշումը, որ «երբ կը յիշենք Վարագավանք, ըսել կ’ուզենք Ներքին Վարագավանքը իր եօթը եկեղեցիներով, որոնց փլատակներէն մաս մը մնացած է այսօր, եւ ոչ թէ Վերեւի Վարագավանքը, որ երկար ժամանակէ ի վեր արդէն դադրած է գոյութիւն ունենալէ» (էջ 54):
Վարագայ վանքի կենսագրութեան մէջ կարեւորագոյն փուլ կը համարուի միջնադարեան շրջանը, որ շատ բարդ էր եւ հակասական: Այդ բարդութեան եւ հակասութեան մէջ Վարագայ վանքի հոգեւոր-մշակութային եւ, ինչու չէ, նաեւ քաղաքական կարեւորագոյն կեդրոն մնալու ջանքերը, որոնք երբեմն կ’ունենան վատ արդիւնք, դարձեալ մանրամասնօրէն կը լուսաբանէ եւ կը գնահատէ հեղինակը (Դ. գլուխ): Այդ մանրամասնութիւնները կրկնելը մեզի նպատակ չհամարելով՝ պարզապէս կը գնահատենք իր ջանքերը՝ ոչ մէկ կարեւորագոյն տեղեկութիւն զանց առնելու տեսանկիւնէն, ըլլան անոնք վանքին առնչուող քաղաքական անցքերուն հետ կապուած, իր օտարերկրեայ նուաճումներուն դիմակայութիւններուն կամ տնտեսական, շինարարական եւ մշակութային գործունէութեան եւ այլն:
Վանքի մշակութային գործունէութիւնը աւելի լայն թափ կը ստանայ Մ. Խրիմեանի գործունէութեան շրջանին, երբ անիկա միաժամանակ կը հանդիսանար արեւմտահայ ազատագրական պայքարի դարբնոց մը, Հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի բնօրրան (Ե. գլուխ): Տեղին է հեղինակի հետեւեալ վերնագրումը՝ «Վարգավանքը նոր սուրբ Ղազար»: Եթէ այս գլուխին մէջ կ’երեւի վանքի կամարներուն տակ հայ ազատամարտի գաղափարախօսութեան կերտման իրողութիւնը, որուն ամենափայլուն վկայութիւնը «Արծիւ Վասպուրականի» հրատարակութիւնն էր, ապա վերջին գլուխին մէջ արդէն մեր աչքին առջեւէն կ’անցնի վանքի պատմութիւնը հայ ազատամարտի եւ հայոց ջարդերու օրերուն: Հեղինակի հայրենասիրական վառ շունչը կը զգաս, երբ կը նկարագրէ Վանի 1915-ի հերոսամարտը, որուն ընթացքին թուրքերը հրկիզեցին Վարագավանքը: Այդ թուականէն ալ կորսուեցաւ Վարագայ Ս. խաչը, որ մէկ դարէն ետք « կը մնայ իր անյայտ տեղը, եւ հաւանական է, որ օր մը ան կրկին անգամ իր զօրութեամբ կը յայտնէ իր գտնուելու վայրը…» (էջ 159): Եւ վերջապէս գիրքին լայն շունչ կը հաղորդեն Վարագավանքին առնչուող ցուցակները, պատկերներն ու մանաւանդ գծացուցակները, որոնք մանրակրկիտ աշխատանքի արդիւնք են եւ սեղմօրէն կ’արտացոլեն այն բոլոր տարաբնոյթ տեղեկութիւններն ու պատմութեան դրուագները, որոնց կը հանդիպիս գրագէտ եւ բարեխղճօրէն շարադրուած գիրքի էջերուն մէջ:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից