Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Տող Գիւղի Յարակից Տարածքին «Արցախի Երիտֆորում 2018» Ծրագիրը Պիտի Իրականացուի

Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը եւ «Յանուն Արցախի» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւնը Օգոստոս 24-27 Հադրութի շրջանի Տող գիւղի յարակից տարածքին վրայ գտնուող «Նոր կեանք» համալիրին մէջ համատեղ ուժերով պիտի իրականացնեն «Դուն երիտասարդ ես» խորագիրով «Արցախի Երիտֆորում 2018» ծրագիրը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան երիտասարդութեան հարցերու բաժինի պետ Դաւիթ Ղուկասեան:

Անոր խօսքով՝ արդէն 6-րդ տարին է, որ Արցախի մէջ կը կազմակերպուի նման ծրագիր, որուն հնարաւորութիւն կ’ունենան մասնակցելու 18-35 տարեկան երիտասարդներ:

Այս տարի «Արցախի Երիտֆորում 2018» ծրագիրին պիտի մասնակցին Արցախի բոլոր շրջաններէն 7-ական գործունեայ երիտասարդ, ինչպէս նաեւ համալսարաններու ուսանողական խորհուրդներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ: Ընդհանուր առմամբ, մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ շուրջ 80 հոգի:

Ծրագիրին ծիրէն ներս կը նախատեսուի կազմակերպել Արցախի պետական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու հետ հանդիպումներ, այցելութիւններ պատմամշակութային վայրեր եւ մշակութա-ժամանցային տարաբնոյթ ձեռնարկներու իրականացում:

«Ծրագիրին նպատակն է նպաստել Արցախի երիտասարդական ներուժի աշխուժացման ու զարգացման, բարձրացնել երիտասարդներու մասնակցութիւնը համայնքի զարգացման գործին, խթանել միջհամայնքային համագործակցութիւնը: Ստեղծել յատուկ բարեկամական եւ անմիջական մթնոլորտ, ուր տարբեր շրջաններէ ժամանած երիտասարդները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու եւ շփուելու իրարու հետ»,- ըսած է Դ. Ղուկասեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին