Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքել Պաշտօնական Այցով Ժամանած Է Հայաստան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած է Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան վարչապետ Անկելա Մերքելը: Սա Հայաստանի անկախութենէն ի վեր Գերմանիոյ վարչապետի առաջին այցն է Հայաստան: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ Անկելա Մերքելը դիմաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք ԳԴՀ վարչապետը ուղեւորուած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: 

Նշենք, որ Գերմանիան 2016 թուականին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը։ 1915-ի իրադարձութիւնները 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն որակող բանաձեւը Պունտեսթակն ընդունած է գրեթէ միաձայն։

 

Այնուհետեւ կայացած են հայ-գերմանական բարձր մակարդակի բանակցութիւններ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ ԳԴՀ վարչապետ Անկելա Մերքելի գլխաւորութեամբ:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին