Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

20-րդ Դարու Ցեղասպանութեանց Նուիրուած Ցուցահանդէս Ֆրեզնոյի Համալսարանին Մէջ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6-ին՝ երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Հենրի Մետըն» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական ողջակիզման եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան։ Ըստ «Ասպարէզ»-ի՝ արարողութեան մէկժամեայ պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, իսկ բացման արարողութեան մասնակցութեան համար տեղեր կարելի է ապահովել մինչեւ Օգոստոս 31՝ դիմելով (559) 278-2407 թիւին կամ այցելելով www.library.fresnostate.edu կայքը։ Մուտքը ազատ է։

Պաշտօնական արարողութեան գլխաւոր բանախօսն է Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի տնօրէնի բարձրաստիճան խորհրդատու դոկտ. Քլինթ Քըրլ, իսկ անոր ներկայ պիտի ըլլան հիւրընկալ գրադարանի տնօրէն Տելռիթա Հորնպաքըլ, համալսարանի Արուեստներ եւ մարդագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Սոլ Հիմենեզ Սանտովալ, Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Էմանուէլ Լեպրուն-Տամիէն եւ Ֆրանսա գտնուող Ողջակիզման թանգարանի շրջուն ցուցահանդէսներու Հիւսիսային Ամերիկայի պատասխանատու Տեպրա Սինքլեր։

Սոյն ցուցահանդէսը, որ իրականացած էր Ֆրանսայի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ Ողջակիզման թանգարանին համար, կազմակերպուած էր համադրութեամբ Ժորժ Պենսուսանի, Ժօէլ Քոթեքի եւ Իվ Թեռնոնի։

Ցուցահանդէսը կարելի եղած էր Ֆրեզնօ «ներածել»՝ շնորհիւ Գալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի տարբեր բաժանմունքներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին ջանքերուն։

Ցուցահանդէսը պիտի սկսի Սեպտեմբեր 1-ին ու պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 31։ Մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել գրադարան՝ (559) 278-7630 եւ հայագիտականի գրասենեակ՝ (559) 278-2669 թիւերով, կամ այցելել library.fresnostate.edu կայքը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին