Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՚Այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Ուրբաթ, 24 Օգոստոս 2018-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp)։

 

Փոքրիկները Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութենէն ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հայրապետիննոր սերունդին նկատմամբ իր ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան եւ սոյն նախաձեռնութեան տուած օրհնութեան համար։ Ապա, ան ներկայացուց ցարդ կատարուած աշխատանքները, ինչպէս՝ զանազան դաստիարակչական խաղեր, աղօթքի եւ շարականներու ուսուցում, Ս. Գիրքի սերտողութիւն, առակներու բեմականացում եւ այլ ծրագիրներ։Իրենց կարգին, փոքրիկներըՎեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց սորված փունջ մը հոգեւորերգերն ու աղօթքները։

 

Խօսք առնելով Նորին Սրբութիւնը՝ գնահատեց ճամբարին մասնակիցներն ու անոնց ծնողները, որոնք քրիստոնէական ու հայեցիդաստիարակութեամբ կը կրթեն իրենց զաւակները ու կը վստահին հայ եկեղեցւոյ։ Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես մանուկներուն ու պատանիներուն խանդավառութեան եւ ըսաւ, թէ մեր բոլորին Երկնաւոր Հայրն է որ կ՚ուրախանայ, երբ այսպէս մեր ազգի զաւակները հոգեւոր մթնոլորտի մէջ կը սորվին շարականներ, սաղմոսներ եւ այլ գիտելիքներ եւ մօտէն ծանօթ կ՚ըլլան մեր հոգեւոր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու սրբութիւններուն։ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց ճամբարի պատասխանատու Սրբազանին եւ անոր շուրջ հաւաքուած հայր սուրբերուն ու կամաւորներուն։Խօսքի աւարտին, փոքրիկներն ու պատանիները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ ուղղեցին իրենց հարցումները։

 

Վեհափառ Հայրապետին սոյն հանդիպումը շարունակուեցաւ փոքրիկներուն հետ ճամբարի ծրագիրներուն մասնակցութեամբ։

 

Ճամբարէն մեկնելէ առաջ, Նորին Սրբութիւնը CILICIA TV-ին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւնը հայ եկեղեցւոյ առաջնահերթութիւններէն, մտահոգութիւններէն ու պարտաւորութիւններէն մէկն է, յատկապէս ներկայ ընկերութեան կեանքին մէջ, ուր մեր զաւակները շրջապատուած են տեսանելի ու անտեսանելի չարիքներով։ Փոխանակ չարը քննադատելու, հարկ է պայքարիլ անոր դէմ՝ մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներով լիցքաւորելով նոր սերունդները։ Փոխանակ զանազան աղանդաւորական գոյներով ու կերպերով մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտեցող ապաքրիստոնէական ու ապազգային շարժումներուն դէմ խօսելու ու զանոնք քննադատելու, եկեղեցւոյ սրբազան պարտաւորութիւնն է հաւատքի հզօր զէնքով զինելու մեր զաւակները՝ իրենց փոքր տարիքէն սկսելով։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր եկեղեցին, հեռու ամէն տեսակ քարոզչական ու ցուցական նախաձեռնութիւններէ, կոչուած է նմանօրինակ աշխատանքներով ու ծրագիրներով մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հաւատքի սերմերը ցանելու։ Ա՛յս է եղած մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան ամէնէն զօրեղ զէնքերէն մէկը պատմութեան ամէն տեսակ չարերու ու չարիքներու դէմ»։

 

Նշենք, որ Ս. Գրոց ճամբարը ընթացք առաւ 20 Օգոստոսին եւ պիտի երկարի մինչեւ 27 Օգոստոս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին