Երեքշաբթի, 30. 09. 2025

spot_img

ԵԱՏՄ-ը Պէտք Է Ունենայ Նաեւ Խորհրդարանական Ձեւաչափ. Արմէն Աշոտեան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան Օգոստոս 24-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրը, Արմէն Աշոտեան կարեւորած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ դաշնակցային եւ եղբայրական յարաբերութիւնները ինչպէս պետական- ռազմավարական, այնպէս ալ հայ եւ ռուս ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան լոյսին տակ:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեւաւորուած խորհրդարանական փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերուն թէ երկկողմ եւ թէ բազմակողմ մակարդակներու վրայ: Ընդգծուած է երկու երկիրներու խորհրդարաններու համապատասխան մարմիններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանման համար նպաստաւոր գործիքակազմի կիրարկման կարեւորութիւնը:

Արմէն Աշոտեան կարեւորած է Հայաստանի համար ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի դերը՝ ընդգծելով, որ վերոնշեալ կառոյցներու անդամները ջանքեր պէտք է գործադրեն այս կազմակերպութիւններու հեղինակութեան ամրապնդման եւ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար:

Այս առումով Արմէն Աշոտեան կարեւորած է ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս խորհրդարանական ձեւաչափի ստեղծումը: Յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ նման ձեւաչափի մէջ խորհրդարանական հարթակի գոյութիւնը խթան կ’ըլլայ կառոյցէն ներս անդամ պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան սերտացման համար:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն՝ ընդգծելով բոլոր գործընթացներու ժողովրդավարական հէնքով եւ սահմանադրականութեան պահպանումով ընթանալու կարեւորութիւնը: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին