Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին առթիւ Օգոստոս 23-ին ՀՀ մայրաքաղաքի Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին կայացաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանի բացման արարողութիւնը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ` արձանի բացման ներկայ էին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցի հիմնադրամի վարչութեան նախագահ Տիգրան Միգդեսեան, Երեւանի Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր-Ղեւոնդեան, Մոնթէ Քարլոյի պալէի թատրոնի մենապարուհի Վիքթորիա Անանեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեան, Երեւանի աւագանիի «Ելք» խմբակցութեան անդամ Անահիտ Բախշեան, արուեստի գործիչներ եւ այլք:
Քանդակի հեղինակ, Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ, քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեան բացման արարողութեան նշեց. «Հայկական գամփռի արձան ստեղծելու գաղափարը ունեցած եմ դեռ մանկութեան տարիներէն, երբ հօրս հետ կ’երթայի սարեր եւ ես անընդհատ այնտեղ կը տեսնէի շուն մը` Չալօ անունով, որ շատ ապահով կը պահէր ոչխարի հօտը: Շատ տարիներ անցած են, սակայն մինչ այսօր Չալոյի նուիրուածութիւնը մնացած էր հոգիիս մէջ: Եւ յանկարծ Հոլանտայի հայութիւնը, «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը ինծի կ’առաջարկէ քանդակել գամփռի արձանը: Ես շատ հսկայ քանդակներ ունեցած եմ, սակայն այս գամփռ շան կերպարը ստեղծելը իւրայատուկ դժուարութիւն ունէր: Ես անընդհատ կը փորձէի մտաբերել իմ մանկութեան գամփռը, եւ այդ կերպարը ինծի հանգիստ չէր տար: Մօտ երկու տարի աշխատած եմ այս շունը քանդակելու համար»:
Անոր խօսքով` ինք մարդկային կերպար կը տեսնէր գամփռի դէմքին վրայ, փիլիսոփայական հայեացք: Չալոյի արձանը յանձնելով երեւանցիներուն` քանդակագործը յոյս յայտնեց, որ քաղաքացիները հոգատարութեամբ եւ սիրով կը փայփայեն զայն:
2013 թուականին Ամսթերտամի մէջ իր փաստացի գործունէութիւնը սկսած է «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամը, որ սկիզբը եղած է կիրակնօրեայ հայկական դպրոց, ապա 2017 թուականին պաշտօնապէս ստացած է հիմնադրամի կարգավիճակ: Նոյն այս հիմնադրամի աջակցութեամբ տեղադրուած է հայկական գամփռի արձանը:
«Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» հիմնադրամի վարչութեան պատուաւոր նախագահ Վահան Աւագեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն այդ գեղեցիկ արարողութեան մասնակից դառնալու համար:
«Խումբ մը ազգասէր նուիրեալներու ջանքերով քանի մը տարի առաջ գամփռ ցեղատեսակը ծագումնաբանութեամբ եւ արտաքին նկարագրով պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ բացառապէս հայկական: Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, որոնք ջանք ու եռանդ չեն խնայեր աշխարհի մէջ մեզ պատկանող արժէքներու ճանաչման ու ընդունման ուղղուած գործին»,- ըսաւ Աւագեան եւ աւելցուց, որ նախապէս համաձայնելով Երեւանի քաղաքապետարանին հետ` Ամսթըրտամի հայ համայնքը որոշած էր Երեւանի 2800-ամեայ յոբելեանի առթիւ նուիրել նոր եւ բարի ընտանեկան խորհրդանիշ` հայկական գամփռի արձան:
Դրամահաւաքին մասնակցած են բազում հոլանտահայեր, հոլանտացիներ: