«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան Օգոստոս 24-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ Ազգային ժողովի լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրը, Արմէն Աշոտեան կարեւորած է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ դաշնակցային եւ եղբայրական յարաբերութիւնները ինչպէս պետական- ռազմավարական, այնպէս ալ հայ եւ ռուս ժողովուրդներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութեան լոյսին տակ:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ձեւաւորուած խորհրդարանական փոխգործակցութեան վերաբերող հարցերուն թէ երկկողմ եւ թէ բազմակողմ մակարդակներու վրայ: Ընդգծուած է երկու երկիրներու խորհրդարաններու համապատասխան մարմիններուն միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան խթանման համար նպաստաւոր գործիքակազմի կիրարկման կարեւորութիւնը:
Արմէն Աշոտեան կարեւորած է Հայաստանի համար ԵԱՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի դերը՝ ընդգծելով, որ վերոնշեալ կառոյցներու անդամները ջանքեր պէտք է գործադրեն այս կազմակերպութիւններու հեղինակութեան ամրապնդման եւ աւելի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար:
Այս առումով Արմէն Աշոտեան կարեւորած է ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս խորհրդարանական ձեւաչափի ստեղծումը: Յանձնաժողովի նախագահը ընդգծած է, որ նման ձեւաչափի մէջ խորհրդարանական հարթակի գոյութիւնը խթան կ’ըլլայ կառոյցէն ներս անդամ պետութիւններու միջեւ փոխգործակցութեան սերտացման համար:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրներուն՝ ընդգծելով բոլոր գործընթացներու ժողովրդավարական հէնքով եւ սահմանադրականութեան պահպանումով ընթանալու կարեւորութիւնը: