Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Աւստրալահայ Համայնքը 50 Բնակարան Պիտի Կառուցէ Քարվաճառի Մէջ

Աւստրալիոյ հայ համայնքը պատրաստակամութիւն յայտնած է 50 բնակելի տուներով թաղամաս կառուցել Քարվաճառ քաղաքին մէջ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը։ «Այս հարցին շուրջ տակաւին քննարկումներ կ’ընթանան, քանի որ մեր կողմէ բնակելի տուներու կառուցման նախապատուութիւնը կը տրուի ոչ միայն Քարվաճառ քաղաքին, այլեւ Շահումեանի շրջանի տարբեր համայնքներուն»,- կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:

Նախարարը նման մօտեցումը կը պայմանաւորէ Շահումեանի շրջանի շարք մը համայնքներու դպրոցներուն անհրաժեշտ մասնագէտներու նուազումին պատճառով, քանի որ այդ ալ իր հերթին կապուած է նշուած համայնքներուն մէջ բնակարանային պայմաններու բացակայութեան:

«Ցանկալի է, որ բնակելի տուները կառուցուին շրջանի տարբեր համայնքներուն մէջ, որոնց մէկ մասը օգտագործման իրաւունքով կը տրամադրուին նաեւ այդ համայնքներուն մէջ դասաւանդելու եկած մասնագէտներուն, որպէս պետական սեփականութիւն»,- կը պարզաբանէ նախարարը:

Կ. Շահրամանեան կ’ընդգծէ, որ Շահումեանի շրջանի դպրոցներուն մէջ դասաւանդելու համար մասնագէտներուն բնակարանային պայմաններով ապահովելը կը խթանէ մեծ թիւով մասնագէտներու ներգրաւման եւ շրջանի կրթական կեանքի աշխուժացման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին