Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

ՀԲԸՄ-ի Ասպետները 50 հազար տոլար նուիրատուութեամբ կը միանան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հովանաւորներուն

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու Համախմբումի վարչութիւնը անցնող շուրջ քսան տարիներուն ընթացքին, մշակութային, քաղաքական թէ պատմագիտական միջոցառումներով արթուն կը պահէ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը։ Ասպետները նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրակցած են եւ կը զօրակցին նաեւ ՀԲԸՄ-ի զոյգ վարժարաններուն՝ Քանոկա Փարքի եւ Փասատինայի մէջ։ Այս անգամ, ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն հետաքրքրութիւնը դուրս գալով Միացեալ Նահանգներու սահմանէն, պայծառ գաղափարը ունեցած է օժանդակելու Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին, դառնալով անոր հովանաւորներէն մէկը։ Եւ այսպէս, հրաւիրելով համալսարանին նախագահ Դոկտ. եւ տիկին Արմէն Տէր Կիւրեղեանները, Շաբաթ, 11 Օգոստոս 2018-ին, Լոս Անճելըսի Շըրմըն Օքս քաղաքի «Փանզանելլա» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմիկ հանդիպում, ուր պաշտօնապէս ՀԲԸՄ-ի Լոս Անճելըսի Ասպետներու համախմբումը կատարեց 50,000 տոլարի իր խոստումը եւ դարձաւ Ամերիկեան համալսարանի «սիւն»երէն (Pillars) մէկը, հինգ յաջորդական տարիներ տասը հազարական տոլար խոստանալով նուիրել համալսարանին։

ՀԲԸՄ-ը առաջին անգամ չէ, որ կ՚օժանդակէ Երեւանի լաւագոյն համալսարաններէն՝ Ամերիկեան համալսարանին։ Ընդհակառակը. ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնն ու անոր նախագահներ՝ Լուիզ Սիմոնն ու Պերճ Սեդրակեանը կը հանդիսանան անոր հիմնադիրներէն ու մնայուն զօրակիցներէն։

Ասպետներու վարչութեան ատենապետ Պրն. Համբիկ Հերրի Սինանեան իր խօսքին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Ամերիկեան համալսարանին կատարած հսկայական դերը Երեւանի մէջ, որ կը պատրաստէ վաղուան ղեկավար սերունդը Հայաստանի։ Ան յայտարարեց Ասպետներուն 50 հազար տոլարի խոստումը, որ արժանացաւ ներկաներուն գնահատանքին։ Ապա, խօսք առաւ Ասպետներու նախկին ատենապետ Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեան, որ նոյնպէս կարեւորեց Ամերիկեան համալսարանին ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ։ Համալսարանին նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան, որ համակրելի ներկայութեամբ եւ անուշ լեզուով անձնաւորութիւն մըն է, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԲԸՄ-ի Ասպետներուն, որոնք ծանր պարտաւորութեան մը տակ դնելով իրենք զիրենք, հայրենաշէն եւ կրթանուէր որոշում մը տուած են։ Այստեղ հարկ է նշել, թէ Ամերիկեան համալսարանի Pillar-ներու այս ծրագիրը կը պարփակէ ԱՄՆ-էն, Հայաստանէն թէ աշխարհի տարբեր կողմերէն 100 հոգի կամ կազմակերպութիւն, եւ այդ սիւներէն մէկը հանդիսացան ՀԲԸՄ-ի Ասպետ-Ասպետուհիները։ 

Շուրջ 40 հրաւիրեալներէն բացի, ներկայ էր նաեւ համալսարանին Լոս Անճելըսի գրասենեակի զարգացման գծով փոխտնօրէն Մարիաննա Աճէմեան իր ամուսնոյն հետ։ Գրասենեակը կը գտնուի Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ։ Այստեղ, առիթէն օգտուելով անդրադառնանք, թէ Ամերիկեան համալսարանի Լոս Անճելըսի գրասենեակը մեծապէս կրնայ օգտակար հանդիսանալ բոլոր անոնց, որոնք ցանկութիւն ունին քոլէճի առաջին տարիները ուսանիլ Երեւանի մէջ (undergraduate)։ Այդպիսով, անոնք ոչ միայն չափազանց մատչելի գինով ամերիկեան չափանիշով բարձրագոյն ուսման կը հետեւին, այլ նաեւ այդ տարիները կ՚անցընեն Երեւանի մէջ՝ ա՛լ աւելի կապուելով Մայր Հայրենիքին։

Ընթրիքէն ետք, ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին Դոկտ. Տէր Կիւրեղեանին, որոնք կը վերաբերէին թէ՛ համալսարանին եւ թէ՛ Հայաստանի ներկայ կացութեան։ Տէր Կիւրեղեանի դրական մօտեցումներն ու խառնուածքը մեծ յոյս ներշնչեցին, թէ Հայաստան ճիշդ ուղղութեան վրայ կը գտնուի եւ հարկ է համախմբուիլ նոր իշխանութեան շուրջ։

Կը շնորհաւորենք Ասպետներու վարչութիւնն ու Դոկտ. Տէր Կիւրեղեանը նման առողջ եւ կրթանուէր ծրագիրներու համար։

Հ.Ս.

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին