Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Քոչարեանը Կալանքէ Ազատելու Որոշումին Դէմ Օգոստոս 20-ին Դատախազութիւնը Բողոք Ներկայացուցած Է Վճռաբեկ Դատարան

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնը Օգոստոս 20-ին բողոք ներկայացուցած է Վճռաբեկ դատարան` ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու ՀՀ վերաքննիչ դատարանի որոշումին դէմ: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ Արեւիկ Խաչատրեանը:

Օգոստոս 17-ին ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը կալանքէ ազատ արձակելու վերաբերեալ վերաքննիչ դատարանի որոշումը ստացած են թէ մեղադրող եւ թէ պաշտպանական կողմը:

Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպանական կազմը նոյնպէս մտադրած էր բողոք ներկայացնել Վճռաբեկ դատարան, որպէսզի իրենց կողմէ ներկայացուած հիմնաւորումներէն եւս երկուքը այնտեղ քննարկման առարկայ դառնան:

Օգոստոս 13-ին ՀՀ վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ բաւարարուած էր ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման   միջոց կիրարկելու առաջին ատեանի դատարանի որոշումին դէմ պաշտպաններու բողոքը` հաշուի առնելով, որ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը անձեռնմխելի է:

Նոյն օրը, Յատուկ քննչական ծառայութիւնը յայտնած էր, որ ՀՀ  վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ                 կիրարկուած կալանքի որոշումին վերացումը ապօրինի է, իսկ ՀՀ գլխաւոր դատախազութենէն նշեցին, որ Վերաքննիչ քրէական դատարանի ամբողջական որոշումը ստանալուն պէս կը քննարկեն Վճռաբեկ դատարան դիմելու հնարաւորութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին