Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ոստիկանութեան Զօրքերու Առաջին Հերթափոխը Կը Պատրաստուի Մեկնիլ Մարտական Դիրքերը Պաշտպանելու

ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիբեանը  խորհրդակցութիւն ունեցաւ ոստիկանութեան զօրքերու վարչակազմի եւ ենթակայ զօրամասերու հրամանատարական կազմի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ ոստիկանութեան զօրքերու առաջին հերթափոխը Օգոստոս 23-ին պիտի պատրաստուի մեկնիլ Տաւուշի մարզ` մարտական դիրքերը պաշտպանելու: Խորհրդակցութեան նպատակն էր մարտական հերթափոխէն առաջ ճշդել ոստիկանութեան զօրքերու պատրաստուածութեան վիճակը, տալ համապատասխան հրահանգաւորումներ:
«Ոստիկանութեան զօրքերը կ’առանձնանան իրենց կարգապահութեամբ, եւ այսօր ձեր ծառայութենէն կախուած է նաեւ ոստիկանութեան հեղինակութիւնը: Դուք ունիք տարիներու փորձ, բաւարար պատրաստուածութիւն, նաեւ այնպիսի հրամանատարներ, որ մարտական ուղի անցած են, եւ աւելի քան վստահ եմ, որ կրնաք պատուով կատարել ձեր առջեւ դրուած մարտական առաջադրանքը»,- ըսած է ոստիկանութեան պետը:
Վալերի Օսիբեանը յիշեցուցած է, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ ոստիկանութեան զօրքերը որքան կազմակերպուած եւ պատուով կատարեցին իրենց խնդիրը, օրինակ բերաւ, թէ ոստիկանները ի՛նչպէս հերոսաբար կը կռուէին արցախեան ազատամարտի տարիներուն:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են ծառայութեան հետ կապուած այլ հարցեր եւս: 
Ոստիկանութեան զօրքերու հրամանատարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար, ոստիկանութեան գնդապետ Սամուէլ Յակոբեանը զեկուցած է, որ մարտական հերթափոխի մեկնող զօրամասը պատրաստ է իր առջեւ դրուած խնդիրները կատարելու:
Վալերի Օսիբեանը ոստիկաններուն անփորձանք ծառայութիւն մաղթած է:

«Ես անձամբ առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային պիտի ըլլամ դիրքերու վրայ, ձեր կողքին: Պատիւ ունիմ ծառայելու ձեզի հետ, հպարտ եմ ձեզմով»,- ըսաւ ոստիկանութեան պետը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին